Ֆրանսայի Բնապահական փոխանցման նախարարուհի՝ Անիէս Փանիէ-Ռիւնաշէ
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, COP29-ի համաժողովի շրջանակին մէջ կայացած պետութեանց ղեկավարներու վեհաժողովին ունեցած իր ելոյթին ամբաստանած է Արեւմուտքը եւ յատկապէս Փարիզը՝ գաղութատիրական քաղաքականութիւնը շարունակելու, գաղութներու բնակչութիւնը ճնշելու, սպանելու մեղադրանքով։
Ալիեւ յատկապէս պնդած է թէ այս տարի Նոր Գալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին Ֆրանսայի իշխանութիւնները սպանած եւ վիրաւորած են աւելի քան հարիւր ցուցարար։
“Այսքանէն ետք, Ֆրանսա չքննադատուեցաւ ո՛չ Եւրոպական յանձնախումբին, ո՛չ Եւրոպական խորհրդարանին եւ ո՛չ ալ Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ”,– յոխորտացած է Պաքուի բռնապետը։
Նշենք, թէ բուռն ծափահարութիւններու արժանացած Ալիեւ նաեւ կոչ յղած է ազատ արձակելու Ֆրանսայի քաղաքական բանտարկեալները։ Իսկ շուրջ տասը վայրկեան տեւած իր ելոյթին, ան ո՛չ մէկ բառ արտասանած է Ազերպայճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ ընդդիմադիրներու հետապնդումներուն մասին։
Ֆրանսայի՝ Բնապահական փոխանցման նախարարուհի Անիէս Փանիէ-Ռիւնաշէ նոյն օրը Ծերակոյտի մէջ ունեցած իր ելոյթին բուռն կերպով հակադարձած է Ալիեւի յայտարարութիւններուն՝ շեշտելով, թէ Ֆրանսա անպատասխան պիտի չձգէ զանոնք։
“Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի դէմ նախագահ Ալիեւի կատարած արտայայտութիւնները անընդունելի են: Անկարելի է արդարացնել ուղղակի յարձակումները մեր երկրի, մեր հաստատութիւններուն ու տարածքներուն նկատմամբ: Ազերպայճան իր սեփական շահերուն համար կ՚օգտագործէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը, որ իրապէս անվայել է: Այդ յարձակումները CCNUCC-ի (Convention-Cadre des Nations Unies sur les Changements Climatiques) համաձայնագրի կոպիտ խախտում են: Այս ամէնը անպատասխան պիտի չմնայ: Զաւեշտալի է նաեւ, որ ազատութեան դէմ հանդէս եկող Ազերպայճանի վարչակազմը մարդկային իրաւանց մասին դասեր կու տայ”,– յայտարարած է նախարարուհին:
Ան անընդունելի համարած է նաեւ հանածոյ վառելիքի նկատմամբ Ազերպայճանի նպաստաւոր դիրքորոշման արտայայտութիւնները, մինչ ֆրանսական և եւրոպական դիւանագիտութիւնը COP 28-ին ձեռք ձգած էր այդ վառելիքի տեսակներու օգտագործումէն աստիճանաբար հրաժարելու համաձայնութիւնը:
Նախարարուհին յայտարարած է, թէ ստեղծուած նոր կացութեան մէջ, նախագահին և վարչապետին հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշուած է գալ շաբաթ չմեկնիլ Պաքու:
***
«Ֆիկառօ Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, որ մեր ըսելիքները շատ յաճախ մեզմէ առաջ եւ ինչո՛ւ չէ՝ մեզմէ լաւ կ՚արտայայտէ (եւ անկասկած, շատ աւելի լայն հասարակութեան մը հասանելի ձեւով), այս անգամ եւս շատ դիպուկ գրառում մը կատարած է «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին, ուր վերոնշեալ զարգացումներուն մասին կ՚ըսէ.
«Արժանապատւութեան սթափում. Պաքուի COP29-ին՝ Ֆրանսայի կառավարութեան ոչ մէկ անդամ ներկայ պիտի ըլլայ. մենք պիտի նախընտրէինք, որ այս պոյքոթը որոշուած ըլլար Ազերպայճանի կողմէ Արցախի հայութեան ցեղային զտման պատճառով, քան Ալիեւի յաջորդական հակաֆրանսական մէկ ելոյթին. բայց… ինչեւիցէ…»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։