ՖՐԱՆՍԱ – ԱՐՑԱԽ. Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Ֆրանսա ժամանած է

 

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան աշխատանքային այցով  Ֆրանսա ժամանած է։ 

Այցելութեան ծիրին մէջ, Արցախի խորհրդարանի նախագահը Յունիս 13-ին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ ներկայացուցչութեան անձնակազմին հետ։

Հանդիպումին՝ կողմերը անդրադարձած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ֆրանսական քաղաքական գործիչներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու Արցախին ցուցաբերած օժանդակութեան և զայն շարունակական դարձնելու անհրաժեշտութեան:

ԱԺ նախագահը յատկապէս ընդգծած է պատերազմէն անմիջապէս յետոյ Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մասին բանաձեւերու որդեգրման կարեւորութիւնը:

Արթուր Թովմասեան բարձր գնահատած է Ֆրանսայի մէջ ԱՀ մնայուն ներկայացուցչութեան աշխատանքը:

ԱԺ նախագահին հանդիպումները կը շարունակուին ֆրանսական քաղաքական շրջանակներու և ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրամադրուին նախագահին Արցախ վերադարձին:

Յիշեցնենք, թէ վերջերս Արցախի ԱԺ նախագահը այցելած էր Լիբանան եւ Կիպրոս: