ՖՐԱՆՍԱ. Գլերմոն-Ֆեռանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի հրապարակ»-ին

Փիւի-տը-Տոմի սրտին վրայ գտնուող Գլերմոն-Ֆեռան քաղաքին մէջ Երեքշաբթի, Յուլիս 19-ին պաշտօնական արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Հայաստանի հրապարակ»-ին՝ «Ի յիշատակ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն»։

Այս խորհրդանշական արարողութեան կը նախագահէր անձամբ Գլերմոն-Ֆեռանի քաղաքապետ, Մեթրոփոլի նախագահ եւ Ընկերվարական կուսակցութեան՝ մշակութային գործերու ազգային քարտուղար Օլիվիէ Պիանքի:

Արարողութեան մասնակիցներուն մէջ նշմարելի էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնցմէ յիշենք ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանը, Հայաստանի՝ Լիոնի հիւպատոս Լեւոն Դաւթեանը, ինչպէս նաեւ «Հանդիպումներ եւ հայկական մշակոյթներ» ընկերակցութեան նախագահ Գլօտին Խաչատուրեանը, որոնք արարողութենէն առաջ՝ Պիանքիի կողմէ ընդունուեցան քաղաքապետարանին մէջ։

Քաղաքապետը, արարողութեան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ակներեւ յուզումով յարգանքի տուրք մատուցեց հայ ժողովուրդին, որ «մինչ օրս, իր գոյատեւման համար կը պայքարի թուրք թշնամիին եւ անոր “ազերի եղբօր” դէմ», ու շարունակեց. “Մենք պէտք չէ մոռնանք այս ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած վայրագութիւններն ու արիւնահեղութիւնը”։ Ան իր խօսքը եզրափակեց փիլիսոփայ Ալէնի հետեւեալ խօսքին փոխառումով.- «Յիշողութիւնը կը սկսի սպիով»։

Իր կարգին տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան շնորհակալութիւն յայտնեց Օլիվիէ Պիանքիին՝ իր ջերմ ընդունելութեան եւ յիշողութեան պարտականութեան՝ անոր մնայուն յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի եւ հայ ժողովուրդները իրարու կապող խոր բարեկամութեան՝ անոր շարունակական նուիրումին համար։

Յիշատակման արժանի է՝ ճառախօսներու գրակալի կողքին տեղադրուած Ֆրանսայի, Հայաստանի, Եւրոպական Միութեան դրօշներու շարքին նաեւ Արցախի դրօշին ներկայութիւնը, որ աննշմար չէ եղած թրքական կողմէն։

Արդարեւ թրքական պաշտօնական «Անատոլու»-էն ետք երկրին երկրորդ մեծագոյն լրատու գործակալութիւնը հանդիսացող DHA-ի Ֆրանսայի թղթակիցը հետեւեալ տողերով հակազդած է երեւոյթին.- «Այսպէս կոչուած “Արցախի Հանրապետութեան” դրօշին ներկայութիւնը ոչ միայն գայթակղութիւն մըն է, այլեւ դիւանագիտական միջադէպ։ Ամօ՛թ ձեզի։ Գլերմոնի կարեւորագոյն  ընկերակցութիւնները պէտք է  բացատրութիւն պահանջեն»։

Դժուար չէ ենթադրել, թէ ան ինչպիսի՞ բնոյթի ընկերակցութիւններու կը հասցէագրէ իր պատգամը։