«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխխմբագրապետ Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն, ընկերային ցանցերու վրայ՝ հայանպաստ ու արդարամիտ իր յաջորդական գրառումներուն աւելցուցած է նոր մը։
Ան, Թուիթըրի իր էջին գրած է.-
«ԻՒՆԷՍՔՕ հաշուարկը կատարած է Ուքրաինայի մէջ վնասուած կամ աւերուած մշակութային կոթողներուն։ Դեռ կը սպասենք 44-օրեայ պատերազմի (2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր) ընթացքին եւ անկէ վերջ՝ Արցախի մէջ աւերուած հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան հաշուարկին։ Երկու չափ, երկու կշիռ !»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։