Եթէ TikTok-ի օգտատէր էք, դժուար թէ ձեր ուշադրութենէն վրիպած ըլլայ French Fuse-ը, իսկական անունով՝ Ժերի Մանուկեան։ Ան, նշեալ ընկերային ցանցի ամենաշատ ունկնդրուող ֆրանսացի արուեստագէտն է, նոյնիսկ Ժիւլէն եւ Տաւիտ Կեթայէն առաջ։։ French Fuse-ի հաշիւը ունի շուրջ 6,5 միլիոն հետեւորդ, իսկ անոր տեսանիւթերը դիտուած են աւելի քան մէկ միլիառ անգամ։ Անոր տաղանդը կը կայանայ առօրեայ կեանքի ձայները իրական ստեղծագործութիւններու վերածելու մէջ։
Ժերի Մանուկեան դաշնակ կը նուագէ 17 տարեկանէն ի վեր։ Ան ուսանած է երաժշտանոցը։ Իր փոքրիկ ստեղծագործութիւնները TikTok-ի վրայ տեղադրելը անոր կարելիութիւն կ՚ընձեռէ զանազանուելու միւսներէն եւ դուրս գալու երաժշտութեան աւանդական շրջանակներէն։
«Պէտք էր միջոց մը գտնել, որ մարդիկ հետաքրքրուին իմ ծրագրով, քանի որ եթէ ես ուղղակի համացանցի վրայ տեղադրէի իմ ստեղծագործութիւնները, անոնք թերեւս չարժանանային մարդոց ուշադրութեան։ Մտածեցի ու ես ինծի ըսի՝ պէտք է աւելի զուարճացնող ծրագրի մը ձեռնարկել, առնել ֆիլմերէ հատուածներ, մարդոց ու կենդանիներու ձայներ՝ համացանցէն, առօրեայի ձայներ ու անոնցմով ստեղծագործել»,– կը բացատրէ արուեստագէտը։
Այժմ French Fuse կը փափաքի, որ մարդիկ լսեն նաեւ իր իսկակա՛ն երաժշտութիւնը։ Անոր այս փափաքը կ՚իրականանայ, քանի որ լոյս կը տեսնէ անոր ալպոմը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։