Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Ժիւլիա Սետեֆճեանի ճաշարանը կրկին արժանացած է Michelin Star-ի

Ֆրանսահայ խոհարար Ժիւլիա Սետեֆճեանի՝ Փարիզի Baieta ճաշարանը կրկին արժանացած է Michelin Star-ի։

Սետեֆճեան ծնած է Նիս հայ հօրմէ եւ սիկիլիացի մօրմէ: Ան կը նկատուի Ֆրանսայի ամէնէն երիտասարդ խոհարարը, որ ստացած է իր առաջին Michelin աստղը՝ 21 տարեկանին, 2016-ին:

2012-ին ան հաստատուած է Փարիզ եւ սկսած է աշխատիլ Les Fables de La Fontaine-ի՝ նոյնպէս Michelin-ի աստղերու վարժ, հանրածանօթ ճաշարանին մէջ: Ան դարձած է այդ ճաշարանի ենթախոհարարը 2013 թուականին, այնուհետեւ՝ գլխաւոր խոհարարը 2015-ին, երբ դեռ միայն 20 տարեկան էր:

2018-ին Ժիւլիա Փարիզի մէջ բացած է իր սեփական ճաշարանը՝ Baieta-ն, ուր կը մատուցուին բարձրորակ խոհանոցի հիանալի դասականներ: Baieta-ն իր առաջին Michelin աստղը ստացած է 2019-ին՝ բացումէն ընդամէնը 10 ամիս ետք:

Քիմքի սիրահարներուն համար աւելցնենք, թէ Ժիւլիա Les Fables de La Fontaine-ի մէջ աշխատած  շրջանի Միշլէն աստղի ճաշացանկը ամբողջութեամբ վերանայած ու ճաշատեսակներու գիներն ալ գրեթէ կիսով զեղչած է:

_____

Baieta – Restaurant Paris

5, rue de Pontoise, 75005 Paris

Հեռ. 01 42 02 59 19