Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Լիոն. Թուրք մը դատապարտուած է հակահայ արձանագրութիւններու համար

27-ամեայ երիտասարդ Թուրք մը, Յունիս 21-ին Լիոնի դատարանին կողմէ դատապարտուած է 2000 եւրօ տուգանք, 1000 եւրօ վնասուց հատուցում եւ 1000 եւրօ ալ դատական ծախքերու հատուցում վճարելու՝  Հայաստանի, Հայոց, Տեսինի քաղաքապետուհիին, Ֆրանսայի, նախագահ Մաքրոնի, անոր կնոջ եւ Ազատ որմնադիրներու հասցէին իր կատարած նախատական արձանագրութիւններուն համար։

Երիտասարդ Թուրքը՝ Մուհամմէտ Ե., դատապարտուած է նուաստացման, ատելութիւն սերմանելու եւ Տեսինի ընտրեալին հասցէին հրապարակային վիրաւորանքի մեղադրանքներով:

Դատավարութեան ընթացքին, մեղադրեալը ներկաներուն պատմած է թրքական համայնքին՝ իր հզօր պատկանելիութեան զգացումին, փարումին մասին։ Ան, իր արարքին որպէս չքմեղանք ալ յայտարարած է, թէ չէ կրցած հանդուրժել Տեսինի քաղաքապետուհի Լօռանս Ֆոթրայի դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին։

Նշենք, որ դէպքը պատահած էր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն։ Ենթական 2020 Նոյեմբեր 1-էն 2-ի գիշերը Տեսինի մերձակայ Մեզիէօ քաղաքի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն պատերուն վրայ, երիտասարդ ուրիշ Թուրքի մը ընկերակցութեամբ, կատարած էր ատելավառ ու նախատական խնդրոյ առարկայ արձանագրութիւնները։ Հսկողութեան տեսախցիկներու արձանագրութեանց շնորհիւ՝ շուտով ձերբակալուած էին երկուքն ալ, բայց երկրորդը ազատ արձակուած էր, իսկ արարքի հեղինակին դէմ դատական հետապնդման ձեռնարկուած էր։