ՖՐԱՆՍԱ – Խորհրդարանական ընտրութիւններ. Ձախին վերյառնումը

Կիրակի, Յունիս 12-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջին շրջանը։

Ինչպէս Ֆրանսայի վերջին տարիներու բոլոր ընտրութիւններուն, այս անգամ եւս գլխաւոր «յաղթական»-ը հանդիսացաւ ձեռնպահութիւնը, որու տոկոսը մրցանիշեր հաստատելով հասաւ մինչեւ 52-53%-ի, ըստ առաջին գնահատականներուն։

Այս ընտրութիւններու արդիւնքներուն երկրորդ կարեւոր յատկանիշն է Ձախին վերյառնումը, վերջին տարիներու շարունակական տեղատւութենէն ետք։ Արդարեւ, «Անհնազանդ Ֆրանսան» (La France Insoumise) կուսակցութեան պարագլուխ Ժան-Լիւք Մելանշոնի գլխաւորած իր համախոհութեամբ (coalition), բաղդատմամբ նախորդ ընտրութիւններուն՝ Ձախը արձանագրեց տպաւորիչ բեկում մը, որ իրեն թոյլ տուաւ մաքրոնականներու ճակատին հետ հասնիլ նոյն մակարդակի վրայ, եւ յոյս ունենալ Խորհրդարանին մէջ Էմանիւէլ Մաքրոնը զրկելու բացարձակ մեծամասնութենէ։

Այսպէս, Մելանշոնի մականին տակ՝ «Բնապահական եւ ընկերային ժողովրդական նոր միութիւն»-ը (Nouvelle Union Populaire Écologique et Sociale – Nupes) ըստ առաջին արդիւնքներու՝ ձեռք ձգած էր ձայներու 25-էն 26%-ը, նո՛յնքան որքան Մաքրոնի ճակատը ներկայացնող «Յառաջացող Հանրապետութիւնը» (La République en Marche)։ Ձայներու շուրջ 20%-ով երրորդ դիրքի վրայ կը հասնէր Մարին Լը Փէնի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»-ը (Rassemblement National)։ 

Նշենք որ՝ այս առաջին շրջանէն արդէն պարտութիւն կրելով՝ ընտրական մրցավազքէն դուրս մնացին հանրածանօթ բազմաթիւ անուններ, ինչպէս Կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Ժան-Միշէլ Պլանքէ կամ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, ծայրայեղ աջակողմեան Էրիք Զեմուր։

Աւելցնենք որ՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Բ. շրջանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, Յունիս 19-ին։ ■