ՖՐԱՆՍԱ–Խորհրդարանական ընտրութիւններու Բ. շրջան – Նախագահ Մաքրոնի ճակատը կորսնցուց  Ազգային ժողովի բացարձակ մեծամասնութիւնը

Պիտի պարտաւորուի համագործակցիլ Ձախին եւ Ծայրայեղ աջին հետ, որոնք զգալի յառաջընթաց արձանագրեցին

Կիրակի, Յունիս 19-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու Բ. շրջանը։ 

Այս Բ. փուլին եւս ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթն էր, նախագահականէն ետք երկրին երկրորդ կարեւորագոյն ընտրութիւնը հանդիսացող խորհրդարանականին նկատմամբ ֆրանսացի ժողովուրդին անտարբերութիւնը, կամ աւելի մեղմ ըլլալու համար՝ ձեռնպահութիւնը (ինչ-ինչ պատճառներով, որոնք առանձին քննարկման նիւթ են), որ պատմական մրցանիշ չհաստատելով հանդերձ, ըստ նախնական արդիւնքներու՝ հասած էր 53,5-54%-ի։ Այլ խօսքով, աւելի քան իւրաքանչիւր երկու Ֆրանսացիէ մէկը չէր դիմած քուէատուփ։ 

Ինչ կը վերաբերի քուէարկութեան արդիւնքներուն՝ կարելի է զանոնք ամփոփել հիմնական երեք տուեալներով.-

– Նախագահ Մաքրոնի ճակատը առաջին դիրքի վրայ հասնելով հանդերձ, կորսնցուց Ազգային ժողովի բացարձակ մեծամասնութիւնը,

– Ձախը եւ Ծայրայեղ աջը զգալի յառաջընթաց արձանագրեցին,

– Նախագահական մեծամասնութիւնը պիտի ստիպուի համագործակցիլ Ձախին եւ Ծայրայեղ աջին հետ, քանի որ հաշիւը պարզ է. Ազգային ժողովին մէջ բացարձակ մեծամասնութիւն ձեռք ձգելու համար հարկ է ունենալ նուազագոյն 289 ներկայացուցիչ (577 աթոռի վրայ), թիւ մը որ չէ կրցած ապահովել նախագահ Մաքրոնի ճակատը ներկայացնող «Միասին»-ը (« Ensemble »), շահած ըլլալով միայն 234 աթոռ։ 

Ձախի միացեալ ուժերը («Անհնազանդ Ֆրանսան», Զանազան բնապահներ, Ընկերվարական կուսակցութիւն եւ Համայնավար կուսակցութիւն), որոնք կը ներկայանային « NUPES » դաշինքով, ձեռք ձգեցին 141 աթոռ։ Այսպէսով, Ազգային ժողովին մէջ անոնք կը դառնան ընդդիմադիր գլխաւոր ուժը, ինչ որ արհամարհելի յաջողութիւն մը չէ, նկատի ունենալով Ֆրանսայի մէջ վերջին տարիներուն Ձախին պարզած աղէտալի վիճակը։ 

Այս ընտրութեանց միւս մեծ յաղթականն է Մարին Լը Փէնի ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»-ը, որ ըստ նախնական արդիւնքներու՝ մինչեւ 90 աթոռ ձեռք ձգած է։ 

Իսկ Հանրապետականները, որոնք UDI-ի եւ Զանազան աջակողմեաններու հետ միասնաբար կը ներկայանային, ստիպուեցան գոհանալ 75 աթոռով։ 

Ներկայիս պարզուած պատկերին լաւագոյն խորհրդանիշն է, թերեւս, Ազգային ժողովի նախագահ Ռիշար Ֆերանի եւ Հանրապետութեան նախագահին աջակից կուսակցութեան՝ LREM-ի խորհրդարանական խմբակցութեան պարագլուխ Քրիսթոֆ Քասթանէրի պարտութիւնը, որոնք չյաջողեցան վերընտրուիլ երեսփոխան։ ■