Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Խորհրդարանական ընտրութիւններ – Անակնկալներու Բ. փուլը

 

Տեղի չունեցաւ ծայրայեղ աջի այնքան հաստատ նկատուող յաղթանակը

Ձախերը հասան առաջին դիրքի վրայ. կը յաջորդեն մաքրոնականները, ապա՝ «Ազգային համախմբում»-ը

Կիրա­կի, Յու­լիս 7-ին, խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րու երկրորդ փու­լին,– նկա­տի ու­նե­նալով Ա. փու­լի ար­դիւնքնե­րը,– կը սպա­սուէր ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ի լայն յաղ­թա­նակին, նոյ­նիսկ շա­տերու հա­մար բուն հար­ցադրումն էր, թէ պի­տի տի­րանա՞յ, թէ՞ ոչ բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութեան։ 

Եւ սա­կայն…

Ժա­մը 20-ին հրա­պարա­կուած առա­ջին ար­դիւնքնե­րը լի էին անակնկալ­նե­րով, որոնք յու­սա­խաբ ըրին ոմանք, մինչ ու­րիշներ, որոնք կը տագ­նա­պէին ծայ­րա­յեղ աջին ու­րուակա­նով՝ խո­րունկ շունչ մը քա­շեցին։ 

Այսպէս, առա­ջին դիր­քի վրայ կը հաս­նէր ձա­խակող­մեաններու եւ ձա­խակող­մեան հա­կու­մով կա­նաչ­նե­րու հա­մախմբու­մով կազ­մուած «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»-ը («Nouveau Front Populaire » – NFP)։ Անոր կը յաջորդէր նա­խագահ Մաք­րո­նի «Վերած­նունդ» («Renaissance») կու­սակցու­թեան շուրջ հա­մախմբուած «Միասին»-ը («Ensemble»), իսկ «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ը («Rassemblement National» – RN)կը գրաւէր եր­րորդ դիր­քը։

Կի­րակի գի­շեր, ըստ ոչ-պաշ­տօ­նական ար­դիւնքնե­րու՝ Ազ­գա­յին ժո­ղովի 577 աթոռ­նե­րէն՝ «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»-ը շա­հած էր 177-198-ը, «Միասին»-ը՝ 152-158-ը, «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ը եւ իր դաշ­նա­կից­նե­րը՝ 138-145-ը, «Հան­րա­պետա­կան­նե­րը» / Զա­նազան աջ՝ 63-67-ը, Զա­նազան ձա­խեր՝ 14-ը, UDI Զա­նազան կեդ­րոն՝ 7-ը, ու­րիշներ՝ 9-10-ը:

Ար­դիւնքնե­րու հրապարակումէն ան­մի­ջապէս ետք վար­չա­պետ Կապ­րիէլ Աթ­թալ մամ­լոյ ասու­լիս մը սար­քե­լով յայ­տա­րարեց, թէ «վաղ առ­տու» (Յու­լիս 8-ին) իր հրա­ժարա­կանը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին՝ յայտնե­լով սակայն, որ պատ­րաստ է մնալու Մա­թինիոն, «քա­նի դեռ պար­տա­կանու­թիւնը կը պա­հան­ջէ», Ողիմ­պիական խա­ղերու հա­մածի­րին մէջ։

Քուէար­կութեան մաս­նակցու­թեան տո­կոսը կը գնա­հատուէր շուրջ 67,5%, ինչ որ 1997-էն ի վեր ամէ­նէն բարձր ցու­ցանիշն է։

Այս արդիւնքներով՝ Ֆրանսա կրնայ վանած համարել ծայրայեղ աջի սպառնալիքը (գոնէ առայժմ), բայց եւ այնպէս Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուած է շատ բարդ կացութիւն մը, որ դեռ ոչ ոք գիտէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուի։ Բոլորովին իրերամերժ երեք հոսանքներ տիրացած են իւրաքանչիւրը աթոռներու ընդհանուր թիւի շուրջ մէկ երրորդին եւ այս պայմաններուն մէջ շատ դժուար պիտի ըլլայ երկրին կառավարումը։