Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Սթրազպուրկի՝ Սուրբ Ծննդեան հանրածանօթ տօնավաճառին

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի մէջ լայն ճանաչում ունեցող Սթրազպուրկի՝ Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառին:

Հոն կը ներկայացուին աւելի քան 60 հայ վարպետներու 400 տեսակ ձեռագործ աշխատանքներ:

Այսպէս, հայկական զարդանախշերով ստեղծուած Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի խորհրդանիշերը շուրջ մէկ ամիս (Նոյեմբեր 24-էն Դեկտեմբեր 24) կը զարդարեն Սթրազպուրկի «Saint Thomas» հրապարակին վրայ տեղակայուած հայաստանեան հիւրընկալ տաղաւարը:

Տօնավաճառի այցելուներուն կը ներկայացուին հայկական կենսունակ ժառանգութեան, ինչպէս՝ գորգագործութեան, ասեղնագործութեան, թաղիքագործութեան եւ փայտարուեստի լաւագոյն նմուշները: