Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ –ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Գեղարքունիքի մարզն ու Իզերի նահանգը 2023-ին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան նոր պայմանագիր պիտի կնքեն

Գեղարքունիքի մարզն ու Իզերի նահանգը 2019-ին կնքած էին ապակեդրոնացուած համագործակցութեան պայմանագիր մը, որ վերջ կը գտնէր 2021-ին։ 

Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան վերջերս Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին՝ Կրընոպլի մէջ ստորագրած է սոյն պայմանագրի յաւելուածը, որով վերջինիս պայմանաժամը կ՚երկարաձգուի մինչեւ 2022-ի  տարեվերջ:

Գեղարքունիքի մարզպետը  Իզերի նահանգի Ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ժան-Փիէր Պարպիէի հետ նախնական համաձայնագիր մըն ալ ստորագրած է 2023-2026 թուականներուն համար՝ 2023-ի գարնան, Գեղարքունիքի մարզին մէջ նոր պայմանագիր մը կնքելու  վերաբերեալ։

Այս առթիւ իրենց ունեցած ելոյթներուն մէջ, երկու կողմերն ալ  ընդգծած են նշեալ համագործակցութեան շրջանակին մէջ իրագործուած ծրագրերու կարեւորութիւնը, արդիւնաւէտութիւնը եւ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան խոր արմատները: