Յունիս 26-ին Ֆրանսա ժամանած է Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան՝ Մարսիլիոյ, Լիոնի եւ Փարիզի իր պաշտօնակիցներուն հրաւէրով։
Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մարսիլիոյ մէջ կը մասնակցի Երեւան-Մարսիլիա գործակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, Լիոնի մէջ՝ ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան չորրորդ համաժողովին։ Ան հանդիպումներ կ՚ունենայ նշեալ երեք քաղաքներու քաղաքապետերուն հետ:
Երեւանեան պատուիրակութեան անդամները կ՚այցելեն նաեւ քաղաքային տնտեսութեան կառավարման շարք մը կառոյցներ:
Նշենք, թէ սոյն այցելութիւնը կը տեւէ մինչեւ Յուլիս 7։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։