Իլ-տը-Ֆրանսի նախագահ Վալերի Փեքրէս Յուլիս 6-ին ընդունած է աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը։
Փեքրէս, հանդիպումին մասին հետեւեալ գրառումը կատարած է ընկերային ցանցերու մէջ.-
«Ուզեցի վերահաստատել Իլ-տը-Ֆրանսը եւ Հայաստանը միաւորող ամուր կապերը։ Յառաջիկայ Սեպտեմբերէն իսկ Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանը Երեւանի պիտի աջակցի շարժունակութեան (mobilité) եւ քաղաքաշինութեան ծրագրաւորման բնագաւառներուն մէջ»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։