Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստան 15 հոգինոց պատուիրակութիւնով մը պիտի մասնակցի WorldSkills Lyon 2024-ին

Սեպտեմբեր 10-15 Լիոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ WorldSkills 2024-ը, որ իր տեսակի 47-րդն է: Ան պիտի համախմբէ աւելի քան 1400 երիտասարդ տաղանդներ աշխարհի աւելի քան 70 երկիրներէ եւ տարածաշրջաններէ՝ 62 արհեստներու մէջ մրցելու համար: Կարելի է սա կոչել՝ արհեստներու ողիմպիական խաղեր:

Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 10-ին LDLC Arena-ի մէջ, ժամը 18.30-էն սկսեալ:

WorldSkills 2024-ի մրցոյթները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 11-14, Eurexpo Lyon-ի մէջ:

Իսկ փակման արարողութիւնը նախատեսուած է Սեպտեմբեր 15-ին OL Groupama մարզադաշտին մէջ, ժամը 18.30-էն սկսեալ:

Այս մրցոյթին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան, որու պատուիրակութեան 15 անդամներէն 5-ը՝ աղջիկ ու տղայ, իրենց հմտութիւններն ու ձիրքերը ցոյց պիտի տան հետեւեալ հինգ մասնագիտութիւններու մէջ՝ բջջային յաւելուածներու (application) մշակում, WEB արհեստագիտութիւններ, խոհարարութիւն, ոսկերչութիւն, նորաձեւութիւն։

Միջոցառման վերաբերեալ բոլոր տեղեկութիւններու համար դիմել.

https://worldskills2024.com/

Տոմսեր ձեռք բերելու համար այցելել.

https://worldskills2024.com/billetterie-generale/

Մրցոյթի նախորդ տարիներու լուսանկարներուն համար.

https://worldskills.org/media/photos/

Սեպտեմբեր 10-15 եկէք քաջալերելու Հայաստանի երիտասարդ ներկայացուցիչները՝ WorldSkills 2024-ի ԲԱՑՄԱՆ, ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒ ընթացքին եւ ՓԱԿՄԱՆ:

Լիոնի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութիւն