Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբ. «Ռուբէն Վարդանեանի մասին Փաշինեանի յայտարարութիւնները անպատասխանատու են»

Ֆրանսայի Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբը (CDCA) հակազդելով վարչապետ Փաշինեանի՝ իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուբէն Վարդանեանի մասին ըսածին, հետեւեալ գրառումը հրապարակած է « X » ընկերային ցանցի իր հաշիւին.

« Ռուբէն Վարդանեան այս պահուն ձերբակալուած կը մնայ Պաքուի մէջ, չարչարանքներու կ՚ենթարկուի Ալիեւի անխիղճ գործակալներուն կողմէ։ Ան, ազերպայճանական քարոզչութեան գլխաւոր թիրախը կը հանդիսանայ։ 

Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնները առնուազն անպատասխանատու են»։