Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Հանգիստ՝ Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեանի

Թեմիս առաջնորդարանի հաղորդագրութենէն խոր ցաւով կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երէց անդամներէն Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեան Դեկտեմբեր 5-ին վախճանած է յետ երկարատեւ հիւանդութեան,  86 տարեկան հասակին։ 

Նորոգ վախճանեալ Տարօն եպիսկ., աւազանի անունով Ժիրայր, ծնած էր 1937-ին Պէյրութ։ Ընդունուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, սարկաւագ ձեռնադրուելէ վերջ աւարտած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը։ Բարձրագոյն ուսում ստացած էր Անգլիոյ մէջ։ Իր հոգեւոր ծնողն էր վախճանեալ Սերովբէ արք. Մանուկեան։ Եպիսկոպոսական օծում ստացած էր 1992-ին, ձեռամբ երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի։ Երկար տարիներ Ֆրանսայի հարաւային շրջաններէն ներս մատուցած էր ծառայութիւն։ Ձեռնադրութեան 40-ամեակին առթիւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին կողմէ իրեն շնորհուած էր՝ Հայ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը։

Շուրջ 20 տարիէ ի վեր, իր իսկ փափաքով կոչուած էր հանգստեան։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։