Խոր կսկիծով վերահասու եղանք ֆրանսահայ համայնքի սիւներէն մէկուն եւս՝ Անթուան Պաղտիկեանի մահուան բօթին։
Ան իր կեանքը աւանդած է Օգոստոս 26-ի գիշերը։
Անթուան Պաղտիկեան մնայուն ներկայութիւն դարձած էր 70-ական թուականներէն սկսեալ այ դատի ամէն բնոյթի գործունէութեան՝ ըլլայ «ապերախտ», անտեսանելի աշխատանք, թէ ձեռնարկ, արարողութիւն։ Եղած է նաեւ CCAF-ի հիմնադիրներէն։
Ողբացեալին ազգային գործունէութիւնը մանրամասնօրէն ներկայացնելը պիտի նշանակէր էջեր ու էջեր տրամադրել անոր։ Բայց եթէ այս տխուր առաջին առիթով փորձենք ամփոփել մեր նեղ սիւնակներուն մէջ՝ կրնանք յիշատակել հետեւեալ ձեւով, առանց ամբողջական ըլլալու յաւակնութեան։ Ան Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր մղուած պայքարի ռահվիրաներէն եղած է, ջանք չէ խնայած նաեւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան մէջ Հայոց ունեցած ներդրումը վեր պահելու։ Այսպէս, ան տասնամեակներէ ի վեր կը նախագահէր Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA). իր դրօշակակիր ընկերներուն հետ միշտ ներկայ կ՚ըլլար հայկական, թէ ֆրանսական ազգային արարողութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ ամէն Ապրիլ 24-ի Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ բոցի արծարծման աւանդական արարողութեան։ Մտերիմներէն եղած է Մելինէ Մանուշեանի եւ անխոնջ աշխատանք տարած է ի մասնաւորի Միսաք Մանուշեանի, բայց նաեւ անոր խումբի ընկերներուն հայրենանուէր (խօսքը հոս բնականաբար հիւրընկալ Ֆրանսայի մասին է) ու անձնուէր պայքարը իր արժանի պատուանդանին բարձրացնելու համար,– մինչ անոնք անարդարաբար մնացեր էին շուքին մէջ,– եւ լիուլի յաջողած է այդ առաքելութեան մէջ։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցը վերջերս նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնն էր, որ յառաջիկայ Փետրուարին, Մանուշեանի խումբի գնդակահարման տարելիցին՝ Մանուշեանի աճիւնները պիտի փոխադրուին Պանթէոն։ Ի՜նչ մեծ ցաւ, որ իր այս երազին իրականացումը պիտի չկարենայ տեսնել Անթուան։ Նաեւ ինք էր, որ յայտնաբերած էր Նափոլէոնի թիկնապահ՝ ծագումով թիֆլիսահայ Ռուսթամ Ռազա երեւոյթը, որու յիշատակին տարեկան այցեր կազմակերպած էր Տուրտան, անոր շիրիմին։
Հանգուցեալը ջատագովներէն էր նաեւ հայ-հրեայ համայնքներու մերձեցման։ Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Մանուշեանի խումբի (նկատի ունենալով այդ խումբի մեծ թիւով հրեայ անդամները) գնդակահարման տարելիցի օրերուն հրեայ համայնքին հետ միասնաբար կազմակերպուած (ամէն տարի, փոխն ի փոխ, հայկական եկեղեցւոյ եւ սինակոկի մէջ) ոգեկոչման եւ աղօթքի հաւաքներու նախաձեռնողն ալ ինք էր։
Անթուանին կը պարտինք նաեւ փարիզեան արուարձաններէն Սէն Տընիի տաճարին մէջ, Հայոց վերջին արքային՝ Լեւոն Ե. Լուսինեանի յիշատակին կազմակերպուող տարեկան ոգեկոչումներու աւանդութիւնը։
Ինչպէս վերեւ ըսինք, վստահաբար դեռ շատ ու շատ են անոր ազգային գործունէութեան լայն դաշտին վերաբերող արժանիքները, որոնք սա պահուս կը վրիպին մեր յիշողութենէն։
Յամենայն դէպս, առիթը պիտի ունենանք աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալու Անթուան Պաղտիկեանի ազգանուէր ասպարէզին։
Լոյսերու մէջ ննջէ, սիրելի՛ Անթուան։
Յիշատական արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։