Տէվէճեան (ձախին) եւ Լըքլէռ, Մաքս Հրայր Քիլինճեանի դատավարութեան
Օգոստոս 31-ին, 90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է մէթր Հանրի Լըքլէռ, որ արդարօրէն կարելի է կոչել «Հայոց փաստաբանը»։
Արդարեւ, անցեալ դարու 80-ական թուականներէն սկսեալ, ան Հայ դատին առնչուող բազմաթիւ դատավարութիւններու՝ պաշտպանութիւնը ստանձնած է հայկական կողմին։ Միշտ ալ գիտցած է Հայ դատին արդար բնոյթը լաւագոյնս բարձրացնելով՝ իր պաշտպանողականները կատարեալին հասցնել։ Անկասկած այդ յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է նաեւ իր պաշտպանածին նկատմամբ համոզումն ու իր անկեղծ արդարամտութիւնը։
Այսպէս է որ օրինակ՝ 1984-ին, Փարիզի մէջ թրքական դեսպանատան դէմ «Վան»-ի տղոց գործողութեան յաջորդած դատավարութեան՝ ան յաջողած է,– լուսահոգի Փաթրիք Տէվէճեանի հետ,– հրաշքներ գործել եւ հայ մարտիկները փրկել հաւանական ցմահ դատապարտումէ, «ձեռք ձգելով» անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար 7 տարի բանտարկութիւն, որ ներումներէ ետք վերածուեցաւ 4-ական տարուան։ Մէթր Լըքլէռ դատավարութեան ահաբեկչական բնոյթը անսակարկելիօրէն յաջողած էր վերածել քաղաքականի, արդար դատի մը պաշտպանութեան։ Եւ այս ամբողջը այն օրերուն երբ Ֆրանսայի մէջ ընդհանուր ահաբեկչական մթնոլորտ մը կը տիրէր ու իրադրութիւնը բնաւ ի նպաստ չէր։
Յաջորդող տարիներու ընթացքին եւ մինչեւ 5 տարի առաջ, մէթր Լըքլէռ այսպիսի յաջողութիւններով հայկական կողմը պաշտպանած է շուրջ 15 դատավարութիւններու, որոնց առանցքը կը կազմէր Հայ դատը։
Մէկ խօսքով, հայոց ու Հայ դատի ֆրանսացի եզակի պաշտպան մը կ՚անհետանայ ու աւելի քան երբեք տեղին է անոր յիշատակին ընկալեալ բանաձեւումը, թէ՝
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։