Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Մարթիկ քաղաքի բնակիչներու զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին

«Լա Փրովանս»  օրաթերթը կը գրէ, թէ  Ֆրանսայի հարաւի Մարթիկ քաղաքի քանի մը ընկերակցութիւններու հաւաքած տասնութ թոն մարդասիրական օժանդակութիւնը Սեպտեմբերի սկիզբը պիտի առաքուի Երեւան։

Թերթը կը բացատրէ, թէ Մարթիկի Ֆրանքեւհայկական ընկերակցութիւնը, որ վայելած է « Actions humanitaires » ընկերակցութեան նեցուկը, քաղաքի Լաւերա թաղամասին մէջ գտնուող ստուար տարածքի մը մէջ 18 թոն մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրութեան համար պատրաստած է, Սեպտեմբերի սկիզբը Երեւան ուղարկելու համար: Ֆրանքեւհայկական ընկերակցութեան նախագահ Կրեկուար Մինասեան եւ բժշկագիտութեան դասախօս, « Actions humanitaires »-ի հարաւային պատուիրակութեան ղեկավար Ռընէ Լոժիէ վերահսկած են իրենց ներկայացուցած կառոյցներու եւ Ալուշի հայկական միութեան հաւաքած ծրարներու եւ նիւթերու ուղարկման նախապատրաստական աշխատանքները:

Հայաստան ղրկուելիք ապրանքներուն մէջ կան անուաթոռներ, բժշկական մահճակալներ, քայլակներ (déambulateurs), հիւանդներու հեռակայ հսկողութեան ելեկտրոնային սարքեր, ինչպէս նաեւ 800 վերմակ եւ աւելի քան 1800 բժշկական հանդերձանք: Բացի ասոնցմէ, Պասթիայի (Գորսիքա) հրշէջ-փրկարարական ծառայութիւնը նուիրաբերած է շտապօգնութեան կառք մը, որ պիտի ղրկուի Արտաշատի հիւանդանոց։