Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Մարսիլիոյ մէջ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունով դպրոց մը պիտի անուանակոչուի

Մարսիլիոյ դպրոցներէն մէկը պիտի կրէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած, Ֆրանսական դիմադրութեան հերոս Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի անունը։

Այս մասին կը գրէ La Provence թերթը, աւելցնելով, որ որոշումը յայտարարած է Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայան։ Ան աւելցուցած է, թէ այդ պիտի կատարուի 2025-ին, երբ աւարտին հասնի Լա Գափըլէթի (10-րդ թաղամաս) դպրոցի շինութիւնը։ 

«Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունով դպրոց անուանակոչելը ամենագեղեցիկ յարգանքի տուրքն է, որ կրնանք մատուցել անոնց»,– ըսած է քաղաքապետը։