Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան պարգեւատրուած է վարչապետ Կապրիէլ Աթթալի առաջարկով եւ նախագահական հրամանագրով «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանով, Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով։
Առ ի տեղեկութիւն նշենք, թէ Մայիս 29-ին սոյն շքանշանը վարչապետին կողմէ առաջարկուած էր նաեւ CCAF-ի միւս համանախագահ Արա Թորանեանին, որ սակայն շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ նախաձեռնութեան համար, մերժած էր անձնական սկզբուքներու պատճառով, ինչպէս իրմէ առաջ ուրիշները։
Յամենայն դէպս, այս մեծարանքը Պետութեան կողմէ յարգանքի տուրք մըն է հայկական ծագումով ֆրանսացիներուն՝ անոնց արդար վաստակին համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։