Փետրուար 1-ին, Ֆրանսայի Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի խորհուրդի նախագահ Զավիէ Պերթրանի հրաւէրով, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան մասնակցեցին Խորհուրդի այս տարուան առաջին լիագումար նիստին եւ ելոյթ ունեցան։ Նիստի ընթացքին նախագահ Պերթրան եւ խորհուրդի անդամները վերահաստատեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ դատապարտելով Հայաստանի տարածքին նկատմամբ ազերպայճանական ոտնձգութիւնները եւ Արցախահայութեան դէմ գործուած ցեղային զտումը։
Շրջանի խորհուրդը նաեւ միաձայնութեամբ աջակցութիւն յայտնեց Յունուար 17-ին Ծերակոյտի ընդունած բանաձեւին, որով վերջինս կը դատապարտէր Արցախի վրայ Ազերպայճանի գործած ռազմական յարձակումը եւ կը պահանջէր երաշխաւորել հայ բնակչութեան՝ Արցախ վերադարձի իրաւունքը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։