Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, որ կը հասնի իր առաքելութեան աւարտին, Նոյեմբեր 10-ին Ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայոյի կողքին ներկայ գտնուած է «Vendée Globe» առագաստանաւային մրցումի հանդիսաւոր մեկնարկին։
Այս առընչութեամբ, դեսպանուհին «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին հրապարակած է հետեւեալ գրառումը.
«Մեծ առանձնշնորհ՝ նախարար Պրիւնօ Ռըթայոյի կողքին ներկայ գտնուիլը Vendée Globe-ի հանդիսաւոր մեկնարկին: Անմոռանալի պահ մը՝ բուռն յոյզերով լի, ողջունելով 40 խիզախ նաւապետերը՝ աշխարհի շրջանի իրենց մենաւոր առագաստանաւային մրցումէն առաջ: Յատուկ մտածում մը Vendée Globe-2024-ի ամէնէն երիտասարդին՝ Վիոլէթ Տորանժին համար (23 տարեկան)»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։