ՖՐԱՆՍԱ – Նախագահ Մաքրոն պետական հեռատեսիլէն.- “Պիտի չլքենք Հայերը”

Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12-ի երեկոյեան, ֆրանսական հեռատեսիլի պետական France 2 կայանի նոր՝ « L’événement » յայտագրի առաջին հիւրը եղաւ։ Ի շարս բազմաթիւ այլ հարցերու, Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի վրայ Ազերպայճանի յարձակման։

Պատասխանելով լրագրողուհի Գարոլին Ռուի հարցումներուն,– որոնց մեկնակէտը կը հանդիսանար գրող, ճանապարհորդ Սիլվէն Թեսոնի՝ վերջերս Հայաստանէն իր վերադարձին՝ Էմանիւէլ Մաքրոնին գրած նամակը,– նախագահը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանին, դատապարտեց ազերպայճանական յարձակումը։

Իր խօսքերուն մէջ Մաքրոն բացատրեց, թէ Ֆրանսա եւ ինք անձամբ միջնորդական ամէն ջանք կը գործադրեն հարցին դիւանագիտական լուծում գտնելու համար։ Ըսաւ, որ իր անմիջական միջնորդութեամբ է, որ վարչապետ Փաշինեան կրցած է մասնակցիլ Փրակայի վեհաժողովին, ուր ան կարեւոր տեսակցութիւններ ունեցաւ, նաեւ համաձայնութիւններ գոյացան։ Նոյնպէս, Ֆրանսա ջանքեր ի գործ դրած է, որպէսզի եւրոպական դիտորդական առաքելութիւն մը ղրկուի հայ-ազերպայճանական սահման։

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ 2020-ի Արցախեան «ահաւոր պատերազմին», որ պատճառեց «բազմաթիւ զոհեր» եւ ուր պարզուեցան «սոսկալի տեսարաններ»։ Հոս, Ֆրանսայի նախագահը, կարծէք որպէս չքմեղանք, յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք մը չըլլալու հանգամանքը, եզրակացնելու համար որ՝ այն ատեն կարելի չէր միջամտել, բայց ներկայիս իրադրութիւնը տարբեր է երբ Ազերպայճան կը յարձակի [ինքնիշխան] Հայաստանի վրայ։

Այնուհետեւ, նախագահը խօսեցաւ հայ ժողովուրդին հետ Ֆրանսայի բացառիկ յարաբերութիւններուն մասին, նշեց Հայաստանի՝ Եւրոպայի դարպասին կանգնած, եւրոպական արժէքներու դաւանող երկիր մը ըլլալու իւրայատկութիւնը։

Ֆրանսայի նախագահը շատ խիստ խօսքերով անդրադարձաւ տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի երկդիմի քաղաքականութեան։ Ան ըսաւ. “Ռուսաստան օգտագործեց քանի մը տասնամեակէ ի վեր տեւող այս հակամարտութիւնը եւ միջամտեց անոր, ակնյայտօրէն խաղաց Ազերպայճանի խաղը՝ թրքական մեղսակցութեամբ, եւ վերադարձաւ այնտեղ՝ թուլցնելու համար Հայաստանը, որ մինչդեռ, մինչեւ վերջերս իրեն մօտիկ երկիր մըն էր։ Եւ տեսէք, այստեղ տեղի ունեցողը Ռուսաստանի կողմէ ապակայունացնող մանէօվր է. կը փորձէ Կովկասը ապակայունացնել բոլորս թուլցնելու եւ պառակտելու համար։ Հետեւաբար, պարզ խօսքով՝ Ֆրանսա հո՛ն է, ներկա՛յ է որպէս միջնորդական ուժ։ Նուաստս, իր երկրին անունով, անցեալ Հինգշաբթիէն Ուրբաթ առաւօտ [Փրակայի մէջ], վարեց բանակցութիւններ։ Հայերը պիտի չլքենք Հայերը”։

Յայտագրի՝ն՝ Հայաստանի վերաբերող բաժինը աւարտեցաւ հետեւեալ զրոյցով.-

Գարոլին Ռու.- Արդեօք չցուցաբերուեցա՞ւ որոշ հանդուրժողականութիւն Ազերպայճանի նկատմամբ, քանի որ մենք կնքեցինք կազային պայմանագիր։

Էմանիւէլ Մաքրոն.- Ֆրանսա այդտեղէն կազ չի գներ։ Եւ այդ մասին համաձայնութիւն չկայ։

Գարոլին Ռու.- Եւրոպան՝ այո՞։

Էմանիւէլ Մաքրոն.- Եւրոպական քանի մը երկիրներ, ի հարկէ, կազային համաձայնագրեր ունին։ Բայց ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի ձայնին, ես ձեզի ըսեմ դէմ առ դէմ՝ եւ մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ մեր արժէքները եւ մեր սկզբունքները կարելի չէ գնել, ո՛չ կազով, ո՛չ ալ նաւթով։ ■