Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նոր վարչապետ նշանակեց Ֆրանսուա Պայրուն։ 73-ամեայ վարչապետը կը փոխարինէ Միշէլ Պառնիէն, որ անցեալ շաբաթ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն՝ խորհրդարանին կողմէ անվստահութեան քուէ ստանալէ ետք։
Ինչ կը վերաբերի նորընտիր վարչապետին հայկական աշխարհին հետ յարաբերութիւններուն, նշենք որ ան վերջերս Ֆրանսայի հրէական համայնքի « Radio J »-ին տուած մէկ հարցազրոյցին՝ պատասխանելով ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու մասին հաղորդավարի հարցումին, որ կը յիշեցնէր նաեւ թէ Հայերը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդն են, տուած էր հետեւեալ պատասխանը, շարունակելով հաղորդավարին խօսքը. «Այո՛, ցեղասպանութիւն մը, որ Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած է օրէնքով։ Ֆրանսա Հայաստանի հետ ունի անքակտելի կապեր՝ Պատմութեան առումով։ Բայց ո՛չ միայն։ Կա՛յ նաեւ հայկական զգայուն ներկայութիւնը ֆրանսական ընկերութեան մէջ։ Անոնց ներկայութիւնը ֆրանսական կեանքին մէջ , բաբախումը՝ Ֆրանսայի համար,– եթէ ինծի արտօնուի նման եզրեր գործածել,– թանկարժէք են ո՛չ միայն Հայաստանի եւ իրենց յիշողութեան տեսանկիւնէն, բայց նաեւ Ֆրանսայի համար։ Անոնց՝ Ֆրանսայի եւ անոր հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը, եւ միւս կողմէ՝ մե՛ր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ բարեկամութեան նկատմամբ… եւ ոչ միայն բարեկամութեան, այլեւ՝ մեր այն անտեղիտալի յանձնառութիւնը, որ անոնց ողբերգական Պատմութիւնը չջնջեն»։
Իսկ հաղորդավարի՝ «հետեւաբար Ֆրանսա աւելի՞ն պէտք է ընէ Հայաստանի համար» հարցումին, Պայրու կը պատասխանէ. «Ֆրանսա արդէն կ՚ընէ բացարձակապէս իր առաւելագոյնը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։