Այս Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին, ՀՄԸՄ-Վալանսի ֆութպոլի ակումբի Բ. խումբը կը մրցէր FC Turquoise թրքական համայնքային ակումբին հետ։
Առաջին կիսախաղէն յետոյ, մինչ հայկական ակումբը 2 կոլի առաւելութիւն արձանագրած էր եւ հանդիպումն ալ կ՚ընթանար առանց յատուկ բրտութեան, թուրք համակիրները ներխուժած են խաղադաշտ եւ յարձակած հայկական ակումբի խաղացողներուն վրայ: Թուրքերը դանակներ եւ ալ սուր զէնքեր ալ ունեցած են իրենց վրայ։ Հայկական ակումբի երկու խաղացողներ, որոնք բաւական լրջօրէն վիրաւորուած են, իրենց ստացած հարուածներուն հետեւանքով՝ փոխադրուած են հիւանդանոց։
Անգամ մը եւս ֆրանսահայեր, Ֆրանսայի հողին վրայ կ՚ենթարկուին թուրքերու յարձակման։ Քանի մը վկայութիւն կը հաստատէ նաեւ այս յարձակման ցեղապաշտական բնոյթը։ Երկրին իշխանութիւնները պէտք է լրջօրէն հետամուտ ըլլան այս նոր յարձակման եւ խստօրէն պատժեն պատասխանատուները, իսկ ֆութպոլի իշխանութիւնները պէտք է նոյնպէս խիստ պատիժներու դիմեն ու կախակայեն FC Turquoise-ը:
Ցեղապաշտական նոր յարձակում մը տեղի ունեցած է հայ համայնքի երիտասարդներու նկատմամբ՝ թրքական համայնքի անդամներուն կողմէ։ Կրկին յարձակման ենթարկուած են Ֆրանսայի քաղաքացիներ, պարզապէս ծագումով հայ ըլլալնուն պատճառով։
Այս յարձակումը տեղի ունեցած է ֆութպոլի պաշտօնական խաղի մը ընթացքին, որուն կը մասնակցէին Պուռ-լէ-Վալանսի հայկական համայնքի ՀՄԸՄ ակումբն ու թրքական համայնքի ֆութպոլի խումբը:
Այս յարձակումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայատեացութեան գաղափարախօսութիւնը։
Այս յարձակումը նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, որ «Գորշ գայլեր»-ու լուծարքի ենթարկումը,– որուն գործուն կերպով նպաստած է Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբը,– կը կարօտի լրացումներու՝ հակահայկական ատելութեան դէմ պայքարի վճռական գործողութիւններու եւ այդ Շարժումի վերականգնումն ու ատելութեան կոչերը կանխելու՝ համակարգուած հետապնդում:
Մենք կոչ կ՚ընենք իշխանութիւններուն ցուցաբերելու առաւելագոյն հաստատակամութիւն եւ գործադրելու արժանի պատիժներ, ի տես ցեղապաշտական այս նոր յարձակման։
Հասած է ժամանակը հաստատելու, որ «Գորշ գայլեր»-ը կը վերակազմաւորուին եւ ըստ այդմ՝ անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելու՝ Ֆրանսայի հողէն անհետացնելու համար այս ֆաշական գաղափարախօսութիւնը:
Նկարին մէջ նշեալ թրքական ակումբի համակիրները հպարտօրէն ցոյց կու տան գորշ գայլերու նշանը։ Այս ակումբը պէտք է արտաքսուի ֆութպոլի ախոյեանութենէն։ Ան գործ չունի մարզային աշխարհին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։