Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Վերջապէս կազմուեցաւ նոր կառավարութիւնը

Երկու հայեր՝ Ասթրիտ Փանոսեան եւ Կիյոմ Գասպարեան նախարար նշանակուեցան, յաջորդաբար՝ Աշխատանքի եւ Հանրային պաշտօնէութեան

Երեսփոխանական ընտրութիւններու երկրորդ շրջանէն յետոյ Կապրիէլ Աթթալի հրաժարականէն երկու ամիս եւ երկու շաբաթ ետք Էլիզէի ընդհ. քարտուղար Ալեքսի Քոհլեր Շաբաթ, Սեպտեմբեր 21-ի երեկոյեան յայտարարեց նոր կառավարութեան կազմը, որ պիտի գործէ վարչապետ Միշէլ Պարնիէի գլխաւորութեամբ։

Նոր կառավարութիւնը ունի ընդամէնը 39 նախարար, որոնցմէ 19-ը լիիրաւ նախարարներ են, 15-ը՝ պատուիրակ  եւ 5-ը պետական քարտուղարի կարգավիճակով։ Կառավարական նոր կազմը իր առաջին ժողովը պիտի գումարէ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 23-ին, նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ:

Հայկական տեսանկիւնէն, այս նոր կառավարութիւնը  առաջին ակնարկով կը թուի բաւական դրական, քանի որ ինչպէս արդէն գրեցինք՝ վարչապետ Միշէլ Պարնիէ զանազան առիթներով իր զօրակցութիւնն ու դիրքորոշումը յայտնած է Հայաստանի նկատմամբ, Բանակներու (Պաշտպանութեան) նախարարը բաւական սերտ կապեր ունի Հայաստանի հետ, իսկ Ներքին գործոց նախարար նշանակուած Պրիւնօ Ռըթայոյի անունը այնքա՜ն յաճախ յիշած ենք Ֆրանսայի Ծերակոյտի հայանպաստ իւրաքանչիւր քայլի անդրադառնալու առիթով։ Բացի ասոնցմէ, նոր կառավարութեան մէջ ներառուած են երկու հայեր՝ Ասթրիտ Փանոսեան եւ Կիյոմ Գասպարեան (նախորդ կառավարութեան մէջ արդէն Բնակարաններու նախարար), որոնք յաջորդաբար՝ Աշխատանքի նախարարի եւ Հանրային պաշտօնէութեան նախարարի աթոռները կը գրաւեն։ Նոր կառավարութեան միակ սեւ կէտը՝ Ռաշիտա Տաթիի Մշակոյթի նախարար նշանակումն է, որ ի դէպ արդէն նախորդ կառավարութեան մէջ ալ ան կը վարէր այդ նոյն պաշտօնը։  

 

Ստորեւ նոր կառավարութեան լիիրաւ նախարարներու ցանկը.

– Տիտիէ ՄԻԿՕ՝ Արդարադատութեան նախարար,

– Քաթրին ՎՈԹՐԷՆ՝ Տարածքային գործընկերութեան եւ ապակեդրոնացման նախարար,

– Պրիւնօ ՌԸԹԱՅՕ՝ Ներքին գործոց նախարար,

– Անն ԺԵՆԸԹԷ՝ Ազգային կրթութեան նախարար,

– Ժան-Նոէլ ՊԱՌՕ՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար,

– Ռաշիտա ՏԱԹԻ՝ Մշակոյթի եւ ժառանգութեան նախարար,

– Սեպասթիէն ԼԸՔՈՌՆԻՒ՝ Բանակներու եւ նախկին ռազմիկներու նախարար,

– Անիէս ՓԱՆԻԷ-ՌԻՒՆԱՇէ՝ Բնապահական անցումի, ուժանիւթի, կլիմայի եւ վտանգներու կանխարգիլման նախարար,

– Անթուան ​​ԱՐՄԱՆ՝ Տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ արդիւնաբերութեան նախարար,

– Ժընըվիեւ ՏԱՐԻՒՍԷՔ՝ Առողջապահութեան եւ խնամքի մատչելիութեան նախարար,

– Փօլ ՔՐԻՍԹՈՖ՝ Զօրակցութեան, ինքնավարութեան եւ այրերու եւ կիներու միջեւ հաւասարութեան նախարար,

– Վալերի ԼԵԹԱՌ՝ Բնակարաններու եւ քաղաքային վերանորոգման նախարար,

– Անն ԺԸՆԸՎԱՐ՝ Գիւղատնտեսութեան, պարէնային ինքնիշխանութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար,

– Ասթրիտ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՊՈՒՎԷ՝ Աշխատանքի նախարար,

– Ժիլ ԱՎԵՐՈՒՍ՝ Մարզանքի, երիտասարդութեան եւ միութենական կեանքի նախարար,

– Փաթրիք ՀԵՑԵԼ՝ Բարձրագոյն կրթութեան եւ հետազօտութիւններու նախարար,

– Կիյոմ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ՝ Հանրային պաշտօնէութեան, հանրային ծառայութեանց պարզացման եւ փոխակերպման նախարար,

– Ֆրանսուա-Նոէլ ՊԻՒՖԷ՝ վարչապետի կից նախարար, Անդրծովեան տարածքներու պատասխանատու,

– Լոռան ՍԷՆ-ՄԱՐԹԷՆ՝ վարչապետի կից նախարար, պիւտճէի եւ հանրային հաշիւներու պատասխանատու։