ՖՐԱՆՍԱ. Վերսայլի Վերաքննիչ ատեանին վճիռը ի նպաստ Սեւրի «Հայկական գոլէժի ընկերակցութեան»

Սեւրի «Հայկական գոլէժի ընկերակցութիւնը» (Association du Collège arménien – Fondation Samuel Moorat 1846), իր նախագահ Թոմա Տեվէճեանի ստորագրութիւնը կրող շրջաբերականով մը կը տեղեկացնէ, թէ Վերսայլի Վերաքննիչ ատեանը 2022 Յունիս 8-ին, ի նպաստ իրենց ընկերակցութեան վճիռ արձակած է, ընդդէմ հայր Գիլաղպեանի եւ հայր Լահեանի, որոնք Մխիթարեան միաբանութեան անունով բողոք ներկայացուցած էին։ Վերջիններս, 2022 Յունուար 7 թուակիր իրենց բողոքին մէջ կը պնդէին, թէ Նանթէռի դատարանին դատաւորը նախապէս՝ 2020 Մարտ 12-ին արձակուած եւ նոյնպէս «Հայկական գոլէժի ընկերակցութեան» ի նպաստ վճիռին մէջ,– որ 2021 Հոկտեմբեր 26-ին հաստատուած էր Վերսայլի Վերաքննիչ ատեանին կողմէ,– մոռցած է էական որոշ կէտեր նկատի ունենալու։ 

Ատեանը, Մխիթարեան հայրերուն պատճառաբանութիւնները ընդունելի չէ գտած եւ պահպանելով իր նախորդ՝ 2021 Հոկտեմբեր 26-ի վճիռը, Սեւրի վարժարանի (ներկայիս փակուած) յանձանձման իրաւասու դատած է «Հայկական գոլէժի ընկերակցութիւնը»։

Նշենք որ՝ պատմական այս վարժարանի ճակատագրին տրուելիք ուղղութեան շուրջ լուրջ վէճեր ծագած էին երկու ճակատներուն միջեւ, ուրկէ ալ՝ իրաւասութեան հարցը։ Գլխաւոր տարակարծութիւնը կը վերաբերէր վարժարանի տարածքին մէկ մասը՝ բնակելի շէնքեր կառուցել նախատեսող շինարարական ընկերութեան մը տրամադրելու ծրագրին, որուն կտրականապէս կ՚ընդդիմանար «Հայկական գոլէժի ընկերակցութիւնը»։ ■

Խմբագրական