Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – 120 անձնաւորութիւններ նախագահ Մաքրոնին կը դիմեն, որ զօրաբաժին ղրկուի Հայաստան

Ֆրանսական հեղինակաւոր  շաբաթաթերթ « Le Point » Երեքշաբթի, Յունիս 18-ին իր կայքէջի գլխաւոր լուրի բաժնին մէջ հրապարակած է ֆրանսացի 120 անձնաւորութիւններու՝ նախագահ Մաքրոնին յղած կոչը, ուր կը պահանջուի  ֆրանսական զօրաբաժին մը ղրկել Հայաստան, որու գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։ Նախաձեռնութիւնը կու գայ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդէն՝ CCAF-էն։ Կոչին միացած են մեծ թիւով քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր, ծանօթ արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ … Յիշենք մի քանին՝ Անն Հիտալկօ, Էլիզապէթ Պատանթէր, Պերնար Քուշնէր, Զաւիէ Պերթրան, Լոռան Վոքիէզ, Էրիք Սիոթի, Պերնար-Հանրի Լեւի, Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Պրիւնօ Լը Ռու, Ռոպէր Կէտիկեան, Սիմոն Աբգարեան եւ տասնեակ ուրիշներ։ ■

https://www.lepoint.fr/monde/la-survie-de-l-armenie-est-en-jeu-monsieur-le-president-18-06-2024-2563260_24.php