Յունիս 7-ին, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է 2021 Դեկտեմբեր 9-ին ստորագրուած «ֆրանքեւհայկական տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 ճանապարհային քարտէս»-ի դրոյթներու իրագործման ուղղուած հանդիպումը։
Հանդիպումին, հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան, ֆրանսականը՝ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույօ։
Ողջունելով ֆրանսական պատուիրակութիւնը՝ Պարոյր Յովհանիսեան ամփոփած է 2021 Դեկտեմբեր 9-ին Փարիզի մէջ կայացած ֆրանքեւհայկական տնտեսական համագործակցութեան աշխատանքային խումբի առաջին միատեղ նիստէն ի վեր ճանապարհային քարտէսի դրոյթներու իրագործման ուղղուած երկկողմ աշխատանքները։ Նախարարի տեղակալը անդրադարձած է նաեւ այն ուղղութիւններուն, ուր արձանագրուած է յառաջընթաց, եւ աւելցուցած որ՝ կը յուսայ մօտ ապագային ունենալ շօշափելի արդիւնքներ։
Ֆրանսայի դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան և հանդիպման կազմակերպման համար, որ թոյլ պիտի տայ ճանապարհային քարտէսի առաջնահերթ ուղղութիւններու շուրջ յստակ քննարկումներ կատարել։
Կողմերը միտքերու փոխանակում ունեցած են վերոնշեալ ճանապարհային քարտէսին մէջ ներառուած՝ ենթակառոյցներու, ջրամբարաշինութեան, նորարարութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան, առողջապահութեան բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան եւ ծրագրերու իրագործման շուրջ։
Անոնք անդրադարձած են Յունիս 29-30-ին Լիոնի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանքեւհայկական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան համաժողովին առնչուող հարցերու, ընդգծելով հայկական եւ ֆրանսական տարածքային ինքնակառավարման մարմիններու՝ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման գծով համահունչ ներդրումը ճանապարհային քարտէսին։
Կողմերը համաձայնած են յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել 2022 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։