Երեւանի Չայքովսքի երաժշտական դպրոցի աշակերտուհի Լիւսի Իշխանեան «Music and Stars Awards» միջազգային մրցոյթին ոսկէ մետալի արժանացած է։
Նշենք, որ այս մրցոյթին կը մասնակցէին տաղանդաւոր երիտասարդներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:
Լիւսի Իշխանեան 4 տարեկանէն սկսած է երաժշտութիւն սորվիլ. ան այժմ 15 տարեկան է։ Շնորհալի Հայուհին վերջերս London International Music Competition մրցոյթին ալ շահած է երկրորդ մրցանակը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։