Հրանդ Տինք 15 տարի առաջ, 2007 Յունուար 19-ին սպանուեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ։
Այդ եղերական դէպքէն, զազրելի արարքէն 15 տարի ետք, նո՛յն վայրը, նո՛յն օրը, նո՛յն ժամուն (ժամը 15-ին) հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած են տարաբախտ լրագրողին յիշատակը ոգեկոչելու եւ արդարութիւն պահանջելու համար: Հոնկէ հեռու հազարաւորներ ալ կրցած են առցանց հետեւիլ ոգեկոչման արարողութեան՝ անգլերէն եւ թրքերէն ուղղակի սփռումի միջոցով:
Նազըմ Էօզկիւն Աֆշին, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ հինգ տարեկան էր, արդէն 15 տարի է կը մասնակցի յիշատակի միջոցառումներուն։ Իր ելոյթի ընթացքին ան բաժնած է իր մտքերը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ամէն տարի մասնակցիլ յիշատակի արարողութեան եւ լսել ելոյթները, ինչ կը նշանակեն իրեն համար Հրանդ Տինքի քարոզած բաները, եւ խօսած է Տինքի՝ խտրականութենէ եւ լուսանցքայնացումէ զերծ հասարակութեան մը ձգտումին։
Հրանդի այրին՝ Ռաքէլ Տինք ելոյթ ունեցած է «Ակօս»-ի այն ատենուան խմբագրատան «Սեպատ» շէնքի պատշգամէն, այլ խօսքով՝ քանի մը մեթր վերեւը այն վայրին, ուր անոր ամուսինը լկտիաբար սպանեցին։ Անոր իր ելոյթին մէջ շեշտը դրած է անարդարութեան ու անհաւասարութեան վրայ։ Ռաքէլ Տինք իր խօսքի աւարտին նշած է՝ «Սակայն չդառնանք յոյսը շիջեցնողները։ Վրդովումի, ու ապստամբութեան ձայնը, որ կը բարձրանար երբ մենք քեզ հողին կը յանձնէինք, երբեք չլռեց եւ երբեք պիտի չլռէ: Այսօր դարձեալ կը դիմադրեն բանուորները, կիները, ուսանողները, գիւղերը։ Անոնք, «ի՛մս է» ըսողներէն կը պաշտպանեն այն ինչ որ կը պատկանի բոլորին, կամ՝ ոչ ոքի: Օր մը դարձեալ պիտի միանան ու հեղեղ դառնան ու հոսին»։
* * *
Այս առթիւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը նշելով, թէ անոր սպանութեան 15-րդ տարելիցին՝ Թուրքիոյ եւ աշխարհի համար աւելի քան երբեք կարեւոր է բաժնել ողբացեալին ձայնն ու երազանքը, կը հրաւիրէ անոնք, որոնք դեռ չեն տեսած՝ դիտելու Իւմիթ Քըւանչի պատրաստած «Hafıza yetersiz»* («Յիշողութիւնը՝ անբաւարար») ժապաւէնը: «Ֆիլմը մեզի ցոյց կու տայ, թէ Հրանդ Տինքին եւ անոր խօսքին ապրելու տարածք չթողած “համակարգ”-ը ո՛ւր “սխալներ” թոյլ տուած է»,– կ՚ըսէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը ու ակնարկելով Հրանդի նշանաւոր՝ «Հոգեվիճակիս աղաւնիի անհանգստութիւնը» վերջին գրութեան, կ՚եզրափակէ.-
«Այս տարի եւս Յունուար 18-ի եւ 19-ի իրիկունները, աղաւնիները ընկերակցեցան “Սեպաթ” շէնքին»։
* Ժապաւէնը թրքերէն է։
– Հայերէն ենթագրերով՝
Յիշեցնենք, որ ժապաւէնին ֆրանսերէն ենթագրերով տարբերակը՝ « Mémoire insuffisante pour les mots » պիտի ցուցադրուի Յունուար 27, ժամը 20-ին «Անաքօ» տափանաւուն վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։