Մատենադարանին մէջ պահուող հազարաւոր ձեռագրերու մեծ մասը շատ դժուար, վտանգներով լի ու հետաքրքրական ճամբաներէ անցած են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը:
Երկար ճամբայ անցած քանի մը ձեռագրեր Մատենադարանին մէջ իրենց տեղը գտած են նուիրատուներ Նշան եւ Մարիա Պագգալեանի միջոցով, Ֆիլատելֆիոյ Հայ Նահատակաց եկեղեցւոյ ջանքերով:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, լիբանանահայ Նշան Պագգալեան յայտնած է, թէ երբ այս ձեռագրերը յանձնուած են իրենց, իրենք չեն գիտցած թէ անոնք ի՛նչ արժէք ունին:
“Մատենադարանին մեր նուիրած գիրքերէն երկուքը մեզի յանձնուած են իմ ազգականի մահէն ետք: Անոր բնակարանի մաքրուհին մեզի հետ կապուելով գիրքերը յանձնեց, այլապէս անոնք պիտի թափուէին աղբաման:
Իսկ միւս երկու ձեռագրերը ԱՄՆ-ու Ֆիլատելֆիոյ Հայ Նահատակաց եկեղեցի հասած են ամերիկացի միսիոնարներու միջոցով, որոնք Թուրքիոյ մէջ ծառայութեան ժամանակ գնած են խանութէ մը՝ առանց իմանալու, որ անոնք հայերէն են, բայց հասկնալով որ արժէքաւոր են, իրենց հետ տարած են ԱՄՆ: Տարիներ յետոյ անոնք կապ հաստատած են Ֆիլատելֆիոյ հայկական եկեղեցւոյ հետ եւ գիրքերը յանձնած: Այդ գիրքերը Մատենադարան հասան մեր միջոցով”,– պատմած է Պագգալեան:
Նուիրատուները Մատենադարանին յանձնած են 18-րդ դարու Սաղմոսարան, Շարակնոց, 15-16-րդ դարերու Գանձարան եւ 18-րդ դարու Ժողովածու:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։