«Բիբլիական Դաւիթը» յուշարձանը, բարձրացուած՝ ի յիշատակ Հոկտեմբեր 27-ի սպանդի զոհերուն
Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան 25-րդ տարելիցն է։ 1999-ին Նայիրի Յունանեանի գլխաւորած զինեալ խումբը ներխուժելով Ազգային ժողով, սպանեց խորհրդարանի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, երեսփոխաններ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լէոնարդ Պետրոսեանը։ Ութ հոգի ալ վիրաւորուեցան։
2003 Դեկտեմբերին դատարանը Յունանեանը եւ անոր խումբին հինգ անդամները դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան, իսկ խումբէն մէկ հոգի ալ՝ 14 տարի ազատազրկման։
Ցկեանս դատապարտուածներէն ողջ են Նայիրի եւ Կարէն Յունանեան, Դերենիկ Բեջանեան: Վռամ Գալստեան ըստ պաշտօնական վարկածի՝ 2004 Ապրիլ 27-ին անձնասպան եղած է «Նուբարաշէն»-ի իր մենախուցին մէջ: 14 տարի ազատազրկման դատապարտուած Համլետ Ստեփանեան 2010 Մայիսին՝ յանկարծամահ եղած է: Մեղադրեալներէն Նորայր Եղիազարեան մահացած է նախքան դատավճիռի հրապարակումը՝ «Նուբարաշէն»-ի իր խուցին մէջ ելեկտրահարուելու հետեւանքով: Էդուարդ Գրիգորեան մահացած է 2017 Նոյեմբերին «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ: «Նուբարաշէն»-ի մէջ 2024-ի ամռան մահացած է ցկեանս բանտարկեալ Աշոտ Կնեազեան։
Գլխաւոր դատախազի 2024 Փետրուար 14-ի որոշումով քրէական գործին նախաքննութեան շարունակութիւնը յանձնուած է Քննչական կոմիտէին։
Զոհերու հարազատները կը պնդեն, թէ տակաւին բացայայտուած չեն Հոկտեմբեր 27-ի պատուիրատուները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։