Search
Close this search box.

2025-ի մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ խաղաղութիւն

ՀՀ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Սու­րէն Պա­պիկեանի կարճ ու զուսպ յայ­տա­րարու­թիւնը կ՚ամ­փո­փէ 2024 տա­րին ու կը նա­խան­շէ 2025-ի կա­րեւո­րագոյն մար­տահրա­ւէրը՝ խա­ղաղու­թիւն. «Աշ­խարհա­քաղա­քական բարդ իրա­վիճա­կում, երբ “թէժ” կէ­տերն աշ­խարհի քար­տէ­զի վրայ ոչ թէ նուազում, այլ՝ աւե­լանում են, 2024-ին մեր ամե­նամեծ ձեռքբե­րու­մը խա­ղաղու­թեան պահ­պա­նումն էր»։ Այո՛, խա­ղաղու­թիւնը կը մնայ հիմ­նա­կան մար­տահրա­ւէրը։ Մար­տահրա­ւէր մը՝ որ­քան էական Հա­յաս­տա­նի, նոյնքան ալ Մի­ջին Արե­ւել­քի մեր հայ­րե­նակից­նե­րուն, ինչպէս նաեւ մարդկու­թեան համար։ 

Խա­ղաղու­թիւն, այո՛, բայց ի՞նչ պայ­մաննե­րով։ Այս հար­ցադրումն է որ կը ցցուի բո­լորին մտքին մէջ։ Մի­ջազ­գա­յին օրէն­քը անուժ է, ոտ­նա­կոխուած՝ մեծ տէ­րու­թիւննե­րու կող­մէ։ Խա­ղաղու­թիւնը ուղղա­կի պայմանաւորուած է բանակի մը՝ իր երկրի անվտան­գութիւ­նը ապա­հովե­լու կա­րողա­կանու­թեամբ։ Խա­ղաղու­թիւնը կը պար­տադրուի ու­ժով, մա­՛նաւանդ Հա­յաս­տա­նի ու Ազեր­պայճա­նի նման աւե­լի քան երեք տաս­նա­մեակէ ի վեր իրա­րու հետ հա­կամար­տող եր­կիրնե­րու մի­ջեւ։ Այս առնչու­թեամբ ՀՀ նա­խագա­հի յի­շեցու­մը կա­րեւոր է՝ «Մեր պատ­մութեան այս բե­կումնա­յին փու­լում, երբ բազ­մա­թիւ են ներ­քին եւ ար­տա­քին տա­րաբ­նոյթ մար­տահրա­ւէր­նե­րը, առա­ւել քան երբեւէ հրա­մայա­կան է ազ­գա­յին անվտան­գութեան հա­մակար­գի հետեւողա­կան ամ­րապնդու­մը»։

Իսկ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետը իր խօս­քին մէջ ընդգծեց «իրա­կան Հա­յաս­տան»-ի բա­նաձե­ւու­մը իբր գա­ղափա­րախօ­սական կա­րեւոր ձեռքբե­րում խա­ղաղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար. «Իրա­կան Հա­յաս­տա­նը խա­ղաղու­թեան մեր օրա­կար­գի հա­յեցա­կար­գա­յին, գա­ղափա­րական հիմքն է ու հիմ­նա­ւորու­մը, եւ ու­ղիղ եմ ու­զում ասել, առանց իրա­կան Հա­յաս­տա­նի գա­ղափա­րախօ­սու­թեան՝ խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գի իրա­գոր­ծումն անհնար է»։

Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ վե­հափա­ռի ամա­նորեայ մաղ­թանքին մէջ կայ նոյն մտա­հոգու­թիւնը թէ՛ Հա­յաս­տա­նի, թէ՛ Մի­ջին Արե­ւել­քի հա­մայնքնե­րուն սպառ­նա­ցող վտանգնե­րուն վե­րաբե­րեալ. «Կ՚ապ­րինք մեր ժա­մանա­կակից պատ­մութեան վտան­գա­լից ժա­մանակ­նե­րը։ Շրջա­պատուած ենք ահա­ւոր տագ­նապնե­րով։

«Ոչ-բա­րեկամ եր­կիրնե­րուն հետ Հա­յաս­տա­նի յա­րաբե­րու­թիւնը եւ անոր առնչուած հա­մաձայ­նութիւննե­րը՝ կա­տարուած թէ կա­տարուելիք, ինչպէս նաեւ անոնց միակող­մա­նի պա­հանջնե­րը կրնան վտան­գել Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջա­կանու­թիւնը, ան­կա­խու­թիւնը ու անվտան­գութիւ­նը։

«Մի­ջին Արե­ւել­քէն ներս աշ­խարհա­քաղա­քական պայ­մաննե­րու արագ եւ ար­մա­տական փո­փոխու­թիւնը կրնայ իր բա­ցասա­կան հե­տեւանքնե­րը ու­նե­նալ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ շրջա­նի մեր հա­մայնքնե­րուն հա­մար։

«Հե­ռու է մեր կեան­քը ներ­քին միաս­նա­կանու­թիւնը ամ­րացնող ազ­դակնե­րէ։ Ներ­կայ կա­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­մը մեր ժո­ղովուրդը կրնայ առաջ­նորդել նո­րանոր բե­ւեռա­ցումնե­րու»։

Այս բարդ իրա­վիճա­կին մէջ, ուր մի­ջազ­գա­յին օրէնք, բա­րոյա­կանու­թիւն ու մարդկա­յին ար­ժէքնե­րը ոտ­նակո­խուած են, դժբախ­տա­բար միակ հե­ղի­նա­կու­թիւնը որ տա­րածաշրջա­նային նոր մար­տահրա­ւէր­ներն ու վտանգնե­րը ան­տե­սելով՝ մնա­ցեր է Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հետ հին հա­շիւ­ներ մաք­րե­լու մա­կար­դա­կին՝ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսն է, որ տա­կաւին Բագ­րատ ար­քե­պիս­կո­պոսի «Սրբա­զան պա­տերազմ»-ի հետ­քե­րով կը յոր­դո­րէ. «Արդ, մեր կեան­քում ծա­ռացած դժուարու­թիւննե­րի յան­դի­ման հարկ է աննկուն մնալ եւ առ­կայ մար­տահրա­ւէր­նե­րի ու պար­տադրուող պա­հանջնե­րի հան­գուցա­լու­ծումը չփնտռել հայ­րե­նավ­նաս զի­ջումնե­րի, մեր սրբու­թիւննե­րից ու աւան­դա­կան ար­ժէքնե­րից հրա­ժարե­լու մի­ջոցով»։ 

Պէտք է սթափ գնա­հատել վտան­գը։ Ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր երեք հա­մազ­գա­յին հար­ցեր յստա­կօրէն ու­րուագ­ծուած էին, որոնց շուրջ բնա­կան միաս­նա­կանու­թիւն մը գո­յացած էր՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդում, Ար­ցա­խի գո­յամարտ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչում։ 2020-ի պա­տերազ­մով, միաս­նա­կանու­թիւն ձե­ւաւո­րող երեք բե­ւեռ­նե­րը փուլ եկան։ Այ­սօր, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդու­մը չէ, այլ՝ անվտան­գութիւ­նը, Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան հո­ղերու վրայ հա­յու­թեան գո­յու­թիւնն է խնդրոյ առար­կան։ Գո­յու­թիւնը՝ խա­ղաղ պայ­մաննե­րու մէջ, ո՛չ, անցնող երե­սունչորս տա­րինե­րուն նման պա­տերազ­մա­կան ու անո­րոշ պայ­մաննե­րու մէջ։ Իսկ խա­ղա­ղու­թիւնը պէտք է պար­տադրել, ինքնա­պաշտպա­նական կա­րողու­թիւնը բարձրաց­նե­լով։ Իսկ Ալիեւի մը մե­ծա­գոյն վա­խը Հա­յաս­տա­նի սպա­ռազի­նու­թիւնն է, մարտունակութեան հզօ­րացու­մը։

Ժ.Չ. ■