Search
Close this search box.

2025 Յունուար 1-էն սկսեալ՝ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկողութիւնը կը ստանձնեն մի՛այն հայ սահմանապահները

 

Ռուս սահմանապահները կը հեռանան այնտեղէն

Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեանի համաձայն՝ Փութին-Փաշինեանի առանձին հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է, որ 2025 Յունուար 1-էն սկսեալ Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Թուրքիա պետական սահմանի պահպանութեան մասնակցին նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերը, իսկ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի հսկիչ անցակէտին ծառայութիւնը ամբողջութեամբ իրագործուի մի՛այն ԱԱԾ-ի սահմանապահ զօրքերու ուժերով։

Միւս կողմէ, երկուստեք համաձայնութեամբ Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ գտնուող անցակէտէն կը հեռանան ռուս սահմանապահները։

Բաղդասարեան նշած է, թէ վարչապետ Փաշինեան նախագահ Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ի վեր Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ պետական սահմանի հսկիչ անցակէտին Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերու կատարած ծառայութեան համար: