2026-ին Հայաստան կը հիւրընկալէ Կենսաբազմազանութեան վեհաժողովը՝ COP17-ը։
Հոկտեմբեր 31-ին, Գոլոմպիոյ մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Կենսաբանական բազմազանութեան 16-րդ վեհաժողովին Հայաստան գաղտնի քուէարկութեամբ՝ 65 ձայնով ընտրուած է COP17-ի հիւրընկալ։ Իսկ սոյն ժողովը հիւրընկալելու թեկնածու Ազերպայճան ստացած է 58 ձայն։
Այս առթիւ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի շնորհաւորած է Հայաստանը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։