2024 Սեպտեմբեր 17-էն 20 Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստանի մէջ կը կազմակերպէ Համաշխարհային հայկական երկրորդ համաժողովը:
Հայաստանի եւ սփիւռքի արդի մարտահրաւէրներն ու խնդիրները, կայուն զարգացման կարելիութիւնները, ներկայի եւ ապագայի կարեւորագոյն հարցերը պիտի քննարկուին միասնական հարթակի վրայ տարբեր ձեւաչափերով: Ազգային անվտանգութենէն մինչեւ բարձրագոյն արհեստագիտութիւններ, տնտեսութիւն, գիտութիւն, հայրենադարձութիւն եւ սփիւռքի համայնքներու կենսունակութիւն. համաժողովը պիտի հիւրընկալէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն շուրջ հազար ներկայացուցիչներ:
“Հայաստան-սփիւռք առողջ համագործակցութեան գլխաւոր նախադրեալը անկեղծ երկխօսութիւնն է: Համահայկական իրականութեան ներկայի մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ համահայկական միասնականութիւնը եւ գաղափարներու ու լուծումներու համատեղումը միակ ուղղորդող ճանապարհն են այսօրուան բարեփոխման եւ կայուն զարգացման համար: Սփիւռքը եւ հայրենիքը կարիքը ունին յանձնառութեան ու ներգրաւուածութեան նոր հնարաւորութիւններու եւ ուղիներու: Հայաստանը սփիւռքի մէջ եւ սփիւռքը Հայաստանի մէջ պէտք է դառնան օրակարգային թեմաներ` ունենալով առաւելագոյն մասնակցութիւն համահայկական իրականութեան զարգացման բոլոր գործընթացներուն: Այս համատեղ աշխատանքի եւ երկկողմ պատասխանատւութեան ստեղծման ճանապարհին հայ իրականութեան երկու հանգոյցները` հայկական պետութիւնը եւ հայկական սփիւռքը, կարիքը ունին երկխօսութեան եւ համագործակցութեան նոր եւ զօրաւոր հարթակներու: Համաշխարհային հայկական համաժողովները նախ եւ առաջ ռազմավարական քննարկումներու, փոխըմբռնման եւ լուծումներու հարթակներ են”,– անդրադառնալով համաժողովի կարեւորութեան` նշած է Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Սփիւռքի համայնքներուն մէջ աշխուժ ներգրաւուածութիւն ունեցող գործիչները, մասնագիտական խումբերու ներկայացուցիչները, համահայկական, երիտասարդական, մշակութային, կրթական, գործարար եւ այլ կառոյցներու անդամներ, որոնք հետաքրքրուած են համաժողովին մասնակցութեամբ, կրնան լրացնել դիմումը` արտայայտելով համաժողովին մասնակցելու իրենց ցանկութիւնը` https://forms.gle/mnXaP3TD2sv88BYa7: Մասնակիցներու վերջնական ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ մրցութային կարգով:
Հարցեր ունենալու պարագային անհրաժեշտ է կապ հաստատել globalarmeniansummit@gov.am կամ globalarmeniansummit@gmail.com ել. հասցէներով:
Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային հայկական համաժողովը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 2022-ին, որուն մասնակցած են 600-է աւելի մասնակիցներ 50-է աւելի երկիրներէ եւ 130 բանախօսներ 15 երկիրներէ: Ժողովին քննարկուած է համահայկական նշանակութեան հարցերու լայն շրջանակ, որոնց ընթացքին արծարծուած առաջարկները եւ հարցադրումները հիմք հանդիսացած են Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ռազմավարութեան մշակման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։