Նոյեմբեր 20-ին, Ազերպայճանի պետական մաքսային ծառայութեան ղեկավար Շահին Պաղիրով յայտարարած է՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին անցակէտերու ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մասին։
“Ազերպայճանի կառավարութիւնը կ՚աշխատի «Զանգեզուրի միջանցք»-ը շահագործման յանձնելու ուղղութեամբ։ Նախագահ Ալիեւի որոշումով պետական մաքսային ծառայութիւնը եւս կը մասնակցի այդ աշխատանքներուն”,– ըսած է ազերպայճանցի պաշտօնատարը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։