Search
Close this search box.

Ազերպայճանի ԱԳՆ-էն յայտնած են, թէ ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունին ազատ արձակելու բռնագրաւուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է, թէ «ռազմագերիներու վերադարձի հարցին մէջ Ազերպայճան ոչ մէկ պարտաւորութիւն ունի ազատ արձակելու ռազմական յանցագործները եւ անջատողական վարչակազմի ներկայացուցիչները»,– ընդգծելով հետեւեալը.

“Ազերպայճան, հաւատարիմ մնալով մարդասիրութեան սկզբունքին, Հայաստանին յանձնած է բոլոր ռազմագերիները․ սակայն Ազերպայճանէն վերադարձին ռազմագերիներու զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու ենթարկուիլը հայկական պետութեան կողմէ, առանձնայատուկ զարմանք կը պատճառէ այդ պետութեան՝ իր քաղաքացիներուն հանդէպ «հոգատարութեան» առումով”։