Լրացած է ՀՀ կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու «իԳործ» 2022 ծրագրի դիմումներու պայմանաժամը: Այս տարի շուրջ 300 Սփիւռքահայեր դիմում կատարած են 31 երկիրներէ՝ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Ուքրաինայէն, Պելճիքայէն, Իրանէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելառուսէն, Արժանթինէն, Զուիցերիայէն, Նորվեկիայէն, Իտալիայէն: Առաջին անգամ ծրագրին դիմած են Նետերլանտներէն, Յորդանանէն, Պրազիլէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն և Նոր Զելանտայէն:
Ծրագիրը կ՚իրագործուի ՀՀ սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ, առիթ ընձեռելով սփիւռքահայ մասնագէտներուն մէկ տարի աշխատելու Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 25 գերատեսչութիւններու մէջ՝ ներդրելով իրենց փորձառութիւնը, գիտելիքները, նախաձեռնելով նոր ծրագրերու եւ սկսելով իրենց աշխատանքի ասպարէզը հայրենիքի մէջ:
Ընտրուած մասնագէտները Յուլիս ամսուան ընթացքին կը հրաւիրուին առցանց հարցազրոյցի՝ համապատասխան գերատեսչութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: Վերջնական ընտրութենէն ետք, 2022 Սեպտեմբերէն 50 սփիւռքահայ մասնագէտներ կը սկսին իրենց աշխատանքը: ՀՀ կառավարութիւնը մասնագէտներուն կը տրամադրէ օդանաւի տոմս (դէպի Հայաստան և հակառակ ուղղութեամբ), կը յատկացնէ կեցութեան նպաստ` ամսական 336.000 ՀՀ դրամ, առողջապահական ապահովագրութիւն, եւ կը վճարէ մէկ տարուան կեցութեան կարգավիճակի գինը:
Յիշեցնենք, որ ծրագիրը երրորդ անգամն է որ կ՚իրագործուի: Նախորդ երկու տարիներուն 100-է աւելի մասնագէտներ սկսած են իրենց աշխատանքը Հայաստանի եւ Արցախի պետական համակարգին մէջ: Անոնց 70 տոկոսը Հայաստան հաստատուելու որոշում կայացուցած է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։