44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Արցախի գիւղատնտեսութեան բնագաւառը հսկայական վնասներ կրած է

 

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմական գործողութիւնները ծանր հարուած հասցուցած են Արցախի  տնտեսութեան զարգացման բնականոն ընթացքին, եւ այդ պատճառով ալ տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերուն մէջ անկում արձանագրուած է:

«Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան՝ Արցախի Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Բաղդասարեան նշած է, որ ամէնէն մեծ անկումը արձանագրուած է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ, նկատի ունենալով որ՝ Ազերպայճանի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ մնացած են Արցախի վարելահողերու շուրջ 75 տոկոսը, արօտավայրերու 85 տոկոսը, պտղատու այգիներու զգալի մասը, ինչպէս նաեւ ոռոգելի տարածքներու շուրջ 90 տոկոսը: Աւելի քան 50 տոկոս նուազած է նաեւ անասուններու քանակը: Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը 2020 թուականի բաղդատմամբ 51,1 տոկոս պակսած է:

“Պատերազմական ժամանակաշրջանից յետոյ մի՛այն շինարարութեան ոլորտն է որ աճ արձանագրած է՝ պետութեան կողմէ իրագործուող լայնածաւալ բնակարանաշինական ծրագրերով”,– ըսած է նախարարը: