44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով հաշմանդամ եղած զինուորները առիթ պիտի ունենան Երուսաղէմ այցելելու
Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան տեղեկացուցած է, թէ նախորդ տարուընէ «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հետ համատեղ քննարկումներէ ետք, մշակուած է բարեսիրական ծրագիր մը:
«Ծրագրին ծիրէն ներս 2020 թուականին տեղի ունեցած պատերազմին հետեւանքով հաշմանդամ եղած զինուորները, Ազգային ժողովի երեսփոխաններուն ուղեկցութեամբ, պարբերաբար պիտի մեկնին Երուսաղէմ՝ ծանօթանալու Պատրիարքութեան հարուստ պատմութեան ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պիտի այցելեն տէրունական սրբավայրեր:
Նախաձեռնութեան մեկնարկը պիտի տրուի սոյն թուականի Մայիս 27-ին»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է Անդրանիկ Քոչարեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։