News.am-ի հետ զրոյցին Բերձորի համայնքապետ Նարեկ Ալեքսանեան յայտնած է, թէ՝ “Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ասուլիսում հնչեցուած արտայայտութիւնները մեզ համար անակնկալ կամ նորութիւն չէին՝ վերջին ամիսների խօսակցութիւնների համածիրի մէջ: Բերձորցիների մօտ խուճապ չկայ, մարդիկ հանգիստ են, ապրում են իրենց սովորական կենցաղով: Սակայն իրենք վրդովուել են Փաշինեանի ասածից, որ՝ Բերձորում մարդ չի ապրում: Մինչդեռ Բերձորում ապրում է շուրջ 50 ընտանիք՝ 180 մարդ”:
Նարեկ Ալեքսանեանի համաձայն՝ պատերազմը եւ յաջորդած ամիսները ցոյց տուած են, որ կարելի չէ կանխատեսել, թէ իրենց ինչ կը սպասէ յաջորդ օրը, հետեւաբար՝ հետագայ իրավիճակը կախեալ է երթուղիի փոփոխութենէն: Բայց մէկ բան պէտք է յստակ արձանագրել, ըստ անոր, որ այդ միջանցքը չի կրնար վերահսկուիլ թշնամիին կողմէ, քանի որ այդ պարագային կը բացառուի խաղաղ երթեւեկը: Բնականաբար, պէտք է ըլլան խաղաղապահներ, որոնց 100% վերահսկողութեան ներքոյ պէտք է ըլլայ միջանցքը։
Յիշեցնենք, որ Յունիս 27-ին տեղի ունեցած առցանց ասուլիսին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Բերձորը շրջանցող նոր ճանապարհի շահագործումէն ետք ԼՂԻՄ-ի սահմաններէն դուրս գտնուող հողերը պիտի անցնին Ազերպայճանին։ Այսպէսով՝ Փաշինեան, ըստ էութեան, հաստատեց, որ Ազերպայճանին կ՚անցնին Բերձորը, Աղաւնոն եւ Սուսը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։