Search
Close this search box.

ԹՈՒՄՕ եւ Անտարես կը հրատարակեն «Մաշտոց. ոչ այնքան իրական պատմութիւն» գծագրական վէպը

 

ԹՈՒՄՕ-ի «Yelling Animation Studio» startup-ի «Մաշտոց. ոչ այնքան իրական պատմութիւն» գծագրական վէպի տպագիր տարբերակը շուտով կը հասնի ընթերցողին։ 

Յուլիս 4-ին ԹՈՒՄՕ-ի զարգացման պատասխանատու Բեկոր Փափազեան եւ Անտարես հրատարակչատան գործադիր տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան ստորագրած են նշեալ գիրքի արեւելահայերէն տարբերակը տպագրելու պայմանագիրը։ Ապագայ ծրագրերը կը ներառեն նաեւ հատորին արեւմտահայերէն հրատարակութիւնը:

Այս վէպը ստեղծուած է ԹՈՒՄՕ-ի վերոնշեալ startup-ին կողմէ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։ Նիւթը՝ դեռահասներ Եզնիկի եւ Կորիւնի մասին է, որոնց կեանքը արկածախնդրական ընթացք կ՚առնէ, երբ անոնք իրենց ուսուցիչ Մաշտոցի հետ կը մեկնին դժուար ճանապարհորդութեան: Ինչպէս կը յուշէ վերնագիրը, վէպը միայն մասամբ գեղարուեստական է։ Հեղինակները վերապատմած են հայոց գիրերու ստեղծման պատմութիւնը պատկերագրական ձեւաչափով, երիտասարդ ընթերցողներուն հասանելի եղանակով։

Բեկոր Փափազեան կ՚ըսէ,– “Մաշտոցի և Հայոց այբուբենի գիւտի այս նոր տեսանկիւնը աւելի յարաբերական կը դարձնէ նիւթը ընթերցողին համար: Մենք ուրախ ենք, որ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը եւ Անտարես մեր գործընկերներն են այս պատմական արկածախնդրութեան մէջ”։

“Ես ոգեւորուած եմ, որ շուտով ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հետ միասնաբար պիտի ներկայացնենք նոր եւ եզակի գծագրական վէպ մը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին և ստեղծագործութեան մասին։ Անտարես միշտ կը սպասէ նոր գործընկերութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու. մենք համոզուած ենք, որ այս համագործակցութիւնը նոյնպէս պիտի յաջողի”,– կը նշէ Արմէն Մարտիրոսեան։

Վէպը պիտի հրատարակուի ընթացիկ տարուան մէջ։

Հարցումներու համար կարելի է դիմել ԹՈՒՄՕ-ի հասարակութեան հետ կապերու բաժնի ղեկավար Զառա Բուդաղեանին (+374 77 332 821, zara.budaghyan@tumo.org):