Search
Close this search box.

Չաւուշօղլու.– «Ճնշումները Երեւանին թոյլ չեն տար յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ համարձակ քայլեր առնել» 

Չաւուշօղլու.– «Ճնշումները Երեւանին թոյլ չեն տար յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ համարձակ քայլեր առնել» 

«Անատոլու» գործակալութեան համաձայն՝ Յուլիս 4-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Աւստրիոյ իր պաշտօնակցին հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին գլխաւոր խնդիրը Երեւանի իշխանութիւններու վրայ ճնշումներն են։

“Հայաստանի մէջ «ծայրայեղական խմբաւորումները» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») ճնշում կը գործադրեն Երեւանի վրայ եւ թոյլ չեն տար անոր՝ համարձակ քայլի դիմելու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ՝ թէ՛ Ազերպայճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ: Մենք պատրաստ ենք շինիչ երկխօսութեան: Տարածաշրջանը մնայուն խաղաղութեան կարիք ունի”,– ընդգծած է թուրք նախարարը։

Չաւուշօղլու նաեւ հռետորական հարցում յղած է. “Ինչո՞ւ կարգաւորման բանակցութիւններու յաջորդական փուլը տեղի չունենայ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: Երեւան տակաւին պատրաստ չէ ատոր։ Նման հանդիպումներ ապագային կարելի կ՚ըլլան”,– աւելցուցած է ան, շեշտելով որ՝ Թուրքիա նաեւ կ՚աջակցի Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։