«ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» համահայկական ուխտագնացութիւնը՝ Յուլիս 6-էն 10

 

Յուլիս 6-էն 10  հայրենիքի մէջ կազմակերպուած է «ՀԵՀԵՄ-ը(*) Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» խորագրով համահայկական ուխտագնացութիւնը։ Արդէն աւանդական դարձած ուխտագնացութեան կը մասնակցին շուրջ երկու հարիւր երիտասարդներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ՝ թեմակալ առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ,  Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչը։

Ուխտաւոր երիտասարդները կ՚այցելեն Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածին՝ ստանալու Ամենայն Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։ Ուխտագնացութեան ընթացքին տեղի կ՚ունենան այցեր Օշական եւ այլ սրբավայրեր։

Երիտասարդները կ՚այցելեն նաև Եռաբլուր՝ աղօթք բարձրացնելու «վասն հաւատոյ և վասն հայրենեաց» նահատակուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

(*) – Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միութիւն։

Խմբագրական