Յայտնի են արդ եւս-ի նպաստառուները

Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտնէ արդ եւս արեւմտահայերէն մշակութային դրամաշնորհի մրցոյթի ինը յաղթողներուն անունները եւ կը ներկայացնէ Մարի-Օտ Պարոնեանի «Վերապատկերացնելով հայերէնը» վերլուծականը։

Այս նախագիծերուն ընդմէջէն հայերէնը «կը փաստէ, որ է՛ կենսունակ, խորքային, բազմաշերտ եւ    անհատնում աղբիւր ոգեշնչումի…։ Միաժամանակ առոյգ եւ բաբախուն, ներգործող եւ յուզող՝ հայերէնը, իր զուտ լեզուաբանական սահմանէն անդին, հայ մշակոյթի շաղախը կը դառնայ: Հայերէնը նաեւ առիթը կու տայ մեզի վերայայտնաբերելու թաքուն պատումներ, երեւան հանելու այլընտրանքային ուղիներ, եզակիութիւններ եւ լեզուին առնչուող նշաններ»։

Արեւմտահայերէնը մշակութային ժամանակակցութեան եւ նորարարութեան առաջնագիծին բերելու հրամայականով՝ 2021-ի աշնան մեկնարկուեցաւ արդ եւս-ը՝ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւններու ուղղուած նպաստի առաջին եւ միակ ծրագիրը։

Հիմնարկութիւնը ստացաւ յիսուն եօթը դիմում, որոնցմէ Բաժանմունքի անդամներէն կազմուած յանձնախումբը ընտրեց ինը յաղթող ծրագիր։ Այս առթիւ կը ներկայացնենք նաեւ Մարի-Օտ Պարոնեանի (Ամսթերտամի համալսարան) եզակի վերլուծականը, որ խորքային հայեացք մը կը նետէ լեզուին վրայ, հարցադրելով անոր ստեղծագործ կարողականութիւնը։

Մարի-Օտ Պարոնեանի նախաբանը

Վերապատկերացնել հայերէնը

Ինչպէ՞ս կապ կը (վերա)հաստատենք լեզուի մը հետ ու անոր միջոցով, եւ արեւմտահայերէն լեզուն ինչպէ՞ս կրնայ թարմացուիլ, վերահնարուիլ, վերապատկերացուիլ եւ ի վերջոյ աւանդուիլ։ Ահա մի քանին այն հարցադրումներէն, որոնց կը փորձէ պատասխանել նախագիծերէն իւրաքանչիւրը՝ ի գործ դնելով նորարարական եւ նոր շունչ հաղորդող հեռանկարներու մեծ դաշտ մը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլէ հայերէնի բազմակողմանի երեսակները եւ կ՚առաջարկէ ստեղծագործ ուղիներ՝ ոչ միայն ապահովելու լեզուի աւանդումը, այլեւ հաղորդելու անոր անհատնում կենսունակութիւնն ու փոխակերպող ուժը։

Նախագիծերը կը ձեւաւորեն իրենց իսկ ուրոյն լեզուն եւ ձայնը՝ այն արուեստի ճիւղով կամ հաղորդամիջոցով, որուն ընդմէջէն կ’արտայայտուին։ Երաժշտութիւն, շարժապատկեր, տեսանիւթ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, պար թէ կատարողական ներկայացում, իւրաքանչիւր կիրառութիւն հայերէնին հնարաւորութիւն կու տայ ինքզինք արտայայտելու, մարտահրաւէրներու ընդառաջ յայտնուելու եւ վերաշնչաւորուելու։

Լեզուի կորուստը կամ անկումը ողբալու կամ ասոնց վրայ կեդրոնանալու փոխարէն, նախագիծերը կը շեշտեն լեզուին ապագասլաց եւ ներշնչող թափը։ Հայերէնը, հետեւաբար, չ՚ընկալուիր որպէս բրածոյ. ան կը դառնայ փորձառութեան տեղանք մը, ուր նախագիծերը միաժամանակ կ’ուսումնասիրեն լեզուին տրոփող յիշողութիւնը եւ անոր մշակութային ապագան։ Այլ խօսքով՝ եթէ հայերէնը յղում կ’ընէ որոշակի դարձուածքներու, ասոյթներու եւ ըսելաձեւերու, եւ միջհիւսուած է հարուստ ու խիտ պատմութեան մը հետ, ան նաեւ կը փաստէ, որ է՛ կենսունակ, խորքային, բազմաշերտ եւ անհատնում աղբիւր ոգեշնչումի։

Հետեւաբար, նախագիծերը չեն ձգտիր լեզուն սահմանափակելու զուտ «ազգայնական» հաղորդակցութեան միջոցի գործառոյթին մէջ, ընդհակառակը. անոնք ցոյց կու տան լեզուին լիակատար եւ ստեղծագործ ներուժը՝ ուսումնասիրելով անոր արձագանգները նախագիծերուն բազմակի նորարարական եւ բազում գիտակարգային կարելիութիւններուն միջոցով։ Անոնք կ’ապացուցեն, որ խնդիրը ոչ այնքան լեզուին տէրը ըլլալու մէջ է որքան զայն բաժնելու մասին է. ուժաբանութիւն մը, որ աւելի վճռորոշ եւ տեղին է այսօրուան մեր ապրած փոթորկոտ ժամանակներուն եւ աշխարհին մէջ։ Ահա այն մարտահրաւէրը եւ այն յանձնառութիւնը, որ իւրաքանչիւր նախագիծ կը ստանձնէ։

Միաժամանակ առոյգ եւ բաբախուն, ներգործող եւ յուզող` հայերէնը, իր զուտ լեզուաբանական սահմանէն անդին, հայ մշակոյթի շաղախը կը դառնայ։ Հայերէնը նաեւ առիթը կու տայ մեզի վերայայտնաբերելու թաքուն պատումներ, երեւան հանելու այլընտրանքային ուղիներ, եզակիութիւններ եւ լեզուին առնչուող նշաններ։

Ի վերջոյ, լեզու մը գոյութիւն կ՚ունենայ միայն երբ ան շրջանառութեան մէջ ըլլայ եւ բաժնուի ուրիշներու հետ, եւ ճիշդ այս է հասարակաց կէտը բոլոր նախագիծերուն՝ անոնք ծնունդ կու տան եւ խթան կը հանդիսանան արգասաւոր եւ սրտաշարժ հոգեհարազատութեան մը, որուն շարժիչ ուժը հայերէնի մշտական կենսունակութիւնն է։

Ընտրուած ինը նախագիծերն են.

Հայ ստեղծագործներ խմբակէն Քարոլին Փարթամեան, Քաթի Կիրիթլեան եւ Մհեր Տարագճեան՝ «Համագործակցութիւն—տարածքը նախքան թարգմանութիւնը» նախագիծին համար, որ արեւմտահայերէնը կ՚ուսումնասիրէ թարգմանութեան ոսպնեակէն՝ աւելի մօտէն ուսումնասիրելով լեզուն, բանաստեղծութեան եւ գրականութեան, ձեռագիր գրութիւններու եւ մշակութային տրամասումներու ընդմէջէն:

Արիկ Գրիգորեան՝ «Շարունակական, շարունակելի» նախագիծին համար, որ կը միտի ստեղծելու նոր երաժշտութիւն՝ արեւմտահայերէն դասական եւ ժամանակակից բանաստեղծութիւններու հիման վրայ։ Երգերու հաւաքածոյին համար պիտի գործածուին ժամանակակից գործիքներ եւ թեքնաբանութիւն։ Նախագիծի առանցքային դրսեւորումներէն են երիտասարդ տարրերու ներգրաւումը (թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Սփիւռքէն) եւ կանացի ձայներու ներառումը։

Կարինէ Թորոսեան՝ «Իյնալու արուեստը» գեղարուեստական շարժապատկերին համար. դէպքերը տեղի կ՚ունենան մերօրեայ Երեւանի մէջ, ի ցոյց կը դնէ եւ կ՚ուսումնասիրէ բարդ ու բազմաշերտ կերպարներ, որոնց հետ հարազատութիւն պիտի զգան հայ թէ օտար բոլոր հանդիսատեսները, շարժապատկերին հերոսներուն դիմագրաւած խնդիրներուն պատճառով՝ մշակութային ինքնութենէն մինչեւ սեռական ինքնութիւն, երկու աշխարհներու բախումներէն մինչեւ տարբեր զգայնութիւններու առկայութիւնն ու համարկումը եւ աւելին։

Նոա Կարապետեան, Կրեկորի Տօլպաշեան եւ Ատրիան Թիլման՝ «Նամակներ մեծ հօրմէս» նախագիծին համար՝ բազմահաղորդամիջոց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ներառուած են պարը, երաժշտութիւնը եւ բանաւոր խօսքը, ուր շեշտը կը դրուի համագործակցութեան, մշակութային տրամասումի եւ թուային հաղորդամիջոցներու կարեւորութեան վրայ՝ միեւնոյն ժամանակ հանդիսատեսը իրազեկելով Հայոց պատմութեան։ Նպատակը ստեղծել է արուեստ մը, որ բնականաբար կը բացայայտէ եւ կ՚արտացոլէ զայն ստեղծող մարդիկը եւ անոր ստեղծման վայրն ու ժամանակը։

Սերժ Մանուկեան, Կարինէ Արոյեան եւ Շամիրամ Խաչատրեան՝ «Զահրատեան պատմութիւններ» նախագիծին համար, որ Զահրատի երեք կարճ բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած շարժանկարներու միջոցով կ՚անդրադառնայ արեւմտահայերէն գրող հեղինակին բազմատարածական տաղանդին։ Նախագիծը պիտի պեղէ Ոսպ ստկող կինը, Ծորակներ եւ Վէլասքէզ բանաստեղծութիւններուն եզակի կշռոյթը, երաժշտականութիւնը եւ շարժանկարային ներուժը։

Միքայէլ Ոսկանեան՝ «Ոսկի ալիք» նախագիծին համար, որ քառասուն վայրկեան տեւողութեամբ երաժշտական նորարարական եւ խառն հաղորդամիջոցներով գործ մըն է, որուն մէջ արեւմտահայերէն ժողովրդային բանահիւսութիւնը կը միանայ արեւմտահայերէնով գրուած ժամանակակից փորձառական բանաստեղծութեան. այսպիսով կը գոյանայ լեզուի տարբեր «շերտերու» հանդիպում (ժողովրդայինը եւ ժամանակակիցը) եւ լեզուի տարածամիջոցը կը բացուի նորերու վրայ։

Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան՝ «Ծրար»-ը (աշխատանքային վերնագիր) նախագիծին համար, որ տեսողական փորձագրութիւն մըն է հիմնուած Գրիգոր Պըլտեանի Սեմեր գործին առաջին գլուխին վրայ։ Ծրագիրը կը նպատակադրէ ստեղծել պրիսմակ մը, դարպաս մը, դէպի այս հանճարեղ գործը՝ նորարարական միջոցներով զայն մօտեցնելով համեմատաբար երիտասարդ հանդիսատեսներու։

Արփէն Չինար՝ «Հայերէն նմանակում» նախագիծին համար որ կը միտի լեզուն վառ պահելու եւ վեր հանելու պոլսահայութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը՝ առօրեայ կեանքը համեմող կատակներու եւ կարճ տեսանիւթերու միջոցով։

Հրայր Սարգիսեան՝ «Խնձորիկ» նախագիծին համար, որ պիտի ստեղծէ արեւմտահայերէնով միալիք ստեղծագործ վաւերագրական շարժանկար մը, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Խնձորիկի շրջարկն ու պատմութիւնը՝ տեղահանութեան խոցն ու յիշողութիւնը, որ կը պարունակէ բազմազան պատկերացումներ, ոմանք լիայոյս, ոմանք պատմական տխրութեան ծանրութեամբ բեռնուած։

Նախագիծերը տարբեր ժամացուցակներ եւ տարբեր վերջնաժամկէտեր ունին. հետեւեցէք մեր նորութիւններուն նախագիծերուն մասին տեղեկանալու համար։ ■