Search
Close this search box.

Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի, Շառլ Միշէլի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը

Օգոստոս 31-ին Պրիւսէլի մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: 

Քննարկուած են գերիներու ազատ արձակման եւ անհետացածներու ճակատագրի պարզաբանման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման,  Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին վերաբերող հարցեր: 

Կողմերը համաձայնած են Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի մշակման շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ մէկ ամսուան ընթացքին։ 

Սահմանազատման և սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Պրիւսէլ, Նոյեմբերին:  

Առաջնորդներու յաջորդ հանդիպումը եւս կը կայանայ Նոյեմբերին: 

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝